Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահներու պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Մարտ 29-ին ՀՀ ԱԳՆ-ի մէջ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեանը եւ ՀՀ-ի մէջ ՉԺՀ դեսպան
Տեան Չանչունը ստորագրեցին ՀՀ եւ ՉԺՀ կառավարութիւններու միջեւ տեխնիկատնտեսական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր, որով կը սկսին Հայաստանի մէջ չինարէնի տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող դպրոցի կառուցման աշխատանքները:
Տեղեկանք: Տեխնիկատնտեսական համագործակցութեան ծիրէն ներս ՉԺՀ կառավարութիւնը սկսած 1999թ. Հայաստանի կառավարութեան կը յատկացնէ անհատոյց օգնութիւն: Իրականացած են տարբեր ծրագրեր, հիմնականօրէն գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ տրանսպորտի բնագաւառներու մէջ: 2012թ. Դեկտեմբեր 28-ին ստորագրուած է ՀՀ եւ ՉԺՀ կառավարութիւններու միջեւ տեխնիկատնտեսական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր, որով նախատեսուած է 70 մլն. չինական եուանի անհատոյց օգնութեան տրամադրումը: Կը նախատեսուի նշուած գումարի միջոցով ձեռք բերել մաքսային զննման սարքաւորումներ, ինչպէս նաեւ օգտագործել Հայաստանի մէջ չինարենի խորացուած ուսուցմամբ դպրոցի հիմնման համար: