ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վիկտոր Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ կը կատարուին հեռադիտակներու վերականգնման եւ արդիականացման հսկայական աշխատանքներ:
Այս մասին յայտնած է Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Հայկ Յարութիւնեանը՝ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նշելով, որ վերականգնման աշխատանքերու մեկնարկը տրուած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տրամադրած գումարով՝ վեքիումային սարքերու վերականգնմամբ:
«Ուրախութեամբ պէտք է ասել, որ վերջապէս այս տարուայ սկզբից Գիտութիւնների ակադեմիայի նախագահութեան որոշմամբ, հետագայում նաեւ Հայաստանի կառավարութեան հաստատմամբ աստղադիտարանը ճանաչուեց ազգային արժէք, ինչպէս Ցեղասպանութեան թանգարանը կամ Մատենադարանը», նշած է Յարութիւնեան: Անոր համաձայն, աստղադիտարանին մէջ տեղի ունեցող կարեւոր աշխատանքներէն մէկն է 2.6 մեթրնոց աստղադիտակի հայելիին ալիւմինիումով պատելը։
Ան յայտնած է, թէ աստղադիտարանի պիւտճէն մինչեւ 2012 թուական կազմած էր 65 միլիոն դրամ, իսկ այս տարի պիւտճէէն տրամադրուող գումարը եղած է 185 միլիոն դրամ: Պետական պիւտճէէն աստղադիտարանին տրամադրուող գումարի բարձրացումը պայմանաւորուած է հիմնականօրէն իբրեւ ազգային արժէք ճանչցուելով:
«Յետխորհրդային ժամանակահատուածից յետոյ սա մեզ համար ամենամեծ յաջողութիւնն էր», շեշտած է ան՝ աւելցնելով, որ տրամադրուած գումարի յաւելումը պիտի նպաստէ անոր, որ դիտողական սարքերու վերականգնումէն ետք զանոնք կարելի պիտի ըլլայ հասցնել ժամանակակից չափանիշներու։
Աստղադիտարանի զարգացման ծրագիրերը կը գործադրուին տարբեր ուղղութիւններով: Անոնց կարգին է «Մարդածին եւ բնական վտանգների ծրագիր»ը, որ կ՛իրականանայ Բիւրականի աստղադիտարանի, Կելտիշի անուան կիրառական ուսողութեան հիմնարկի եւ «Ռոսկոսմոս»ի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ: «Ռոսկոսմոս» ընկերութեան միջոցով կը նախատեսուի յառաջիկային Հայաստան բերել նաեւ երեք նոր հեռադիտակներ, սակայն այդ ծրագիրներուն մասին մանրամասնութիւններ չկան տակաւին։
Յարութիւնեան շեշտած է, որ Բիւրականի աստղադիտարանի իսկական հետաքրքրութիւնը հիմնարար հետազօտութիւններուն առնչուած է, արդարեւ, անոնք կարելիութիւն կու տան ուսումնասիրելու հեռաւոր տիեզերական առարկաներ՝ աստղերը եւ մոլորակներ:
Հայկ Յարութիւնեան հերքած է նաեւ աստղադիտարանի վաճառուելուն մասին լուրերը, քանի որ աստղադիտարանը ակադեմական հիմնարկ է՝ ազգային արժէք, որ չի վաճառուիր: