Ուրբաթ, Մարտ 29ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքին ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան կոչ ուղղած է մէկ վայրկեան լռութեամբ յիշելու, որ այդ օրը Աւագ Ուրբաթ է՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան օրը, նաեւ յայտարարած է, որ Սուրբ Յարութեան տօնին պիտի աւարտէ իր համեստ ծոմը, որմէ ետք պիտի շարունակէ իր պայքարը:
Հրապարակին վրայ հաւաքուածները այս յայտարարութեան արձագանգած են ուրախ բացագանչութիւններով ու ծափահարութիւններով:
Ան դիտել տուած է նաեւ, որ Ապրիլ 1էն պիտի անցնի սահմանէ սահման, պիտի այցելէ տարբեր բնակավայրեր, որպէսզի Ապրիլի 9ին համար «քաղաքացիական բանակ» հաւաքէ: Առաջին կանգառը պիտի ըլլայ Կապանը: Ան նաեւ թուարկած է այն բոլոր մարզերն ու քաղաքները, ուր պիտի այցելէ այդ օրերուն, ապա կոչ ուղղած է մարզպետներուն, քաղաքապետներուն՝ պատրաստ ըլլալու: Ան նաեւ կոչ ուղղած է ոստիկաններուն՝ իրեն հետեւելու։
«Ապրիլի 5ին լինելու է մեծ հանրահաւաքը: Ես չեմ հրամայելու, չեմ հրահանգելու, թէ ով ինչ է անելու: Այդ օրը մենք որոշելու ենք, թէ ինչ ենք անելու Ապրիլի 9ին», յայտնած է Ր. Յովհաննէսեան:
Ան հաստատած է, որ Փետրուար 18էն ետք ստացած է ժողովուրդին լիազօրութիւնն ու պատգամը՝ նշելով, որ անգամ մը եւս կ՛ուզէ այդ մէկը ստանալ, որպէսզի պայքարը առաջ տանի։ Հաւաքուածները արձագանգած են՝ «Այո՛, այո՛»:
Այս առիթով ան մէջբերած է Ինտիրա Կանտիի խօսքը, թէ՝ «նախ նրանք մեզ անտեսում են, յետոյ՝ ծաղրում, դրանից յետոյ՝ հարուածում, իսկ վերջում մենք յաղթում ենք»: Յովհաննէսեան հաստատած է, որ ասիկա կը վերաբերի նաեւ իրենց պայքարին:
«Ես պահանջում եմ, որ կա՛մ Սերժ Սարգսեանն ինքնաբացարկ ներկայացնի, կա՛մ նոր նախագահական ընտրութիւններ անցկացնի, կա՛մ էլ՝ ժողովրդի հետ կիսի իշխանութիւնը», վերստին պահանջած է Յովհաննէսեան։ Ան անգամ մը եւս հաւաստիացուցած է, որ «սա պաշտօնակռիւ չէ»: Ր. Յովհաննէսեան դիտել տուած է, որ ցարդ իրենց ներկայացուցած շրջահայեաց առաջարկին իշխանութիւնը համաձայնութիւն կամ բովանդակային պատասխան չէ տուած:
«Մինչ օրս մեր բանական, սրտացաւ, շրջահայեաց առաջարկին պատասխան ու արձագանգ չի եղել», յայտարարած է ան, աւելցնելով, որ մինչեւ օրս չեն բացուած քուէատուփերը, քանի որ իշխանութիւնները կը վախնան ճշմարտութենէն: Յովհաննէսեանի համաձայն, ընտրութիւններուն ժողովուրդը տարած է ջախջախիչ յաղթանակ:
«Բոլորը գիտեն, որ այս իշխանութիւնը կեղծիքի վրայ է հիմնուած», դիտել տուած է Յովհաննէսեան: «Նրանք են ապրել գործարքներով, իշխանատենչութեամբ: Այս ժողովուրդն ուզում է մի բան. մեր հայրենիքի ազատութիւնը, փրկութիւնը եւ ապագան», նշած է ան:
Հանրահաւաքին ընթացքին Ր. Յովհաննէսեան նաեւ անդրադարձած է Սիւնիքի մարզպետ Ս. Խաչատրեանի խօսքին՝ ընդգծելով, որ ատիկա որպէս մարզպետի, անոր վերջին հարցազրոյցն էր: Ապա դէմ առ դէմ խօսելու նպատակով Յովհաննէսեան Ս. Խաչատրեանին ժամադրութիւն տուած է Ապրիլ 1ին՝ ժամը 10ին, Սիւնիքի մէջ: «Եթէ դուք ինձ սպառնում էք, որ օձի գլխի նման իմ գլուխն էք ջարդելու ժողովրդի առաջ, ապա ես ձեզ ժամադրում եմ՝ Կապան, Երկուշաբթի, ժամը 10», դիտել տուած է ան։
Յիշեցնենք, որ «Հայկական ժամանակ» օրաթերթը հրապարակած էր Ս. Խաչատրեանի հետ Սեդա Մաւեանի հարցազրոյցը, որուն մէջ Ս. Խաչատրեանը խոստացած էր Յովհաննէսեանի գլուխը ջարդել: «Հայաստանի աչքի առաջ գլուխը կը ջարդեմ օձի գլխի պէս», ըսած է ան:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնած է, թէ Ս. Խաչատրեանին կը դիմէ իբրեւ «պարոն Լիցկա»: «Ինքը մի տեղ գրել էր, որ դա հպարտութեան մականուն է, դրա համար ես նրան պատւում էի պարոն Լիցկա ասելով, բայց, եթէ ես վիրաւորել եմ իր փափուկ խիղճը, սրանից յետոյ ես իրեն կ՛ասեմ պարոն Խաչատրեան. ներողութիւն, որ ես խոցել եմ ձեր տխուր հոգին», նշած է Յովհաննէսեան։