Մոսկուայէն թղթակից Լուսիկ Ղուկասեան կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 21ին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ոսկերիչներու արհեստակցութեան համաժողովին նախագահ ընտրուուած է «Էսթետ» ոսկերչական տան նախագահ Գագիկ Գէորգեանը:

2010էն ի վեր Գագիկ Գէորգեան կը ղեկավարէ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեանը: Ռուսիոյ ոսկերիչներու արհեստակցութիւնը հիմնուած է 2000ին եւ կը միաւորէ Ռուսիոյ ոսկերչական բոլոր մեծ եւ հեղինակաւոր ընկերութիւնները: