«Կա՛մ նախագահական արտահերթ ընտրութիւններ, կա՛մ իշխանութիւնը պէտք է կիսեն ժողովուրդին հետ։ Նուազագոյն շեմը սա է» յայտարարեց «Ազատութեան» հրապարակին վրայ երէկ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը,
որ արդէն աւելի քան 15 օրէ ի վեր կը շարունակէ հացադուլը: Ան դիտել տուաւ թէ պատրաստ է ներկայիս պետութեան ղեկավարին հետ տեսակցելու Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կամ անոր հետագայ առաջարկներուն մասին տեղեակ ըլլալու այլ նամակով մը:
Նախագահին ուղղուած իր նամակին մէջ, զոր 26 Մարտին ընթերցած էր «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Յովսէփ Խուրշուդեան, Յովհաննէսեան յայտնած է, որ պիտի չդադրեցնէ 10 Մարտին սկսած իր հացադուլը, քանի որ ինք առողջ է, կազդուրման կարիք չունի, ինչպէս Երկուշաբթի օր իր նամակին մէջ նշած էր Սերժ Սարգսեանը:
Յովհաննէսեան չէ մեկնաբանած նախագահ Սարգսեանի առաջարկները: Ան խոստացած է այդ մէկը կատարել «Ազատութեան» հրապարակին վրայ հետագային կայանալիք մամլոյ բացօթեայ ասուլիսին ընթացքին: