Երեւանի «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ մէջ գումարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մարտահրաւէրներուն նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովը։

Գիտաժողովին մասնակցեցան համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող գիտնականներ, ցեղասպանագէտներ՝ փրոֆ. Իսրայէլ Չարնին, Եայիր Աուրօն՝ Իսրայէլէն, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեանը, դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, Վահագն Տատրեանը՝ Նիւ Եորքէն, գիտնականներ եւրոպական երկիրներէ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն:

Այս գիտաժողովին նպատակն էր Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի նախօրէին քննարկել եւ եզրակացութիւններ տալ երեք հիմնական ուղղութիւններով տարուող աշխատանքներուն:

Անոնք են՝
- Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրութեան եւ թանգարանային ցուցադրութիւններու կազմակերպման հետագայ հեռանկարներն ու ուղղութիւնները,

- Ժխտողականութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու աշխատելաոճերն ու հրամայականները,

- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու իրաւայաջորդներուն փոխ հատուցման ու անոր կապուած խնդիրներու իրաւական հիմնաւորումներու քննարկումը:

Գիտաժողովը կարեւոր հանգրուան հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով շահեկան գիտական քննարկումներու կատարելու եւ ուղղութիւններ ճշդելու իմաստով, անոր ընթացքին ձեւակերպուեցան յստակ եզրակացութիւններ ու առաջարկներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տակաւին չուսումնասիրուած կամ նուազ ուսումնասիրուած ոլորտներու ուղղութեամբ գիտական աշխատանքներու իրականացման ու անոնց աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Գտաժողովը նաեւ առիթ էր հանգամանօրէն քննարկելու թրքական ժխտողականութեան դէմ առաւել արդիւնաւէտ հակազդեցութեան գործընթացները ու աշխատելաոճեր մշակելու:

Վերջապէս, այս գիտաժողովը կոչուած էր մասնագիտական հեղինակաւոր կարծիքներու հիման վրայ մշակելու եւ ծրագրելու հարիւրամեայ տարելիցին կապակցութեամբ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ կայանալիք տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու ընդհանուր ռազմավարութիւնը:

Նման գիտաժողովի կազմակերպումը կարեւոր է 2015 թուականին կայանալիք Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան երեւանեան համաժողովին համար ալ: Նոյն պահուն համախմբումը կոչուած էր լրջօրէն նպաստելու Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ գիտական սերընդափոխութեան գործընթացին:

Թուրք Մտաւորականները Ցեղասպանութեան Շուրջ Եղած Լռութեան Պատը Քանդելու Աշխատանք Պիտի Տանին

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Թուրք հրապարակախօս, պատմաբան Ռակըպ Զարաքօլուն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ կը շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը: «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի ծիրին մէջ, ան լրագրողներուն յայտնած է. «Ասիկա միայն իմ հարցս չէ, այլ մարդու իրաւունքներու հարց է: Ինչպէս գիտէք, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Ապրիլ 24ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններուն կողմէ, բազում աշխատանքներ կը տարուին 90ական թուականներէն ի վեր. այս խնդիրը մաս կը կազմէ այս կազմակերպութիւններու գործունէութեան, նոյնիսկ անոնց կանոնադրութեան մէջ տեղ գտած է ցեղասպանութեան հարցը, բայց ոչ միայն հայոց, այլեւ աշխարի բոլոր ցեղասպանութիւններու հարցը», նշած է Զարաքօլու:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական արխիւներէն որոշակի բացայայտումներ կատարուած են: «Ի հարկէ Թուրքիոյ մէջ կան արխիւներ, որոնք աւելի շատ տեղեկութիւն կրնան տալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մասին: Կարեւորագոյնը՝ զինուորական արխիւներն են, որոնք փակ են: Ցաւօք, Թուրքիոյ մէջ վիճակը այնպէս է, որ նոյնիսկ պետական արձանագրութիւնները չեն մտներ համացանցային միջավայր, որովհետեւ ատիկա պետական գաղտնիք կը նկատուի», նշած է ան:

Զարաքօլու դիտել տուած է, որ թրքական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները արդէն 20 տարի է՝ պայքար կը մղեն Թուրքիոյ մէջ ոչ միայն ցեղասպանութեան, այլեւ մարդու իրաւունքներու եւ այլ խնդիրներու գծով: «Այդ պայքարին ընթացքին շատ ընկերներ մահացան, մարդու իրաւունքներու բազում պաշտպաններ բանտարկուած են: Ասիկա այնպիսի աշխատանք է, որ պիտի կատարուի նոյնիսկ վախի առկայութեան պարագային: Ասիկա համարձակութեան խնդիր չէ, այլ՝ խղճի», նշած է ան՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիա 1949 թուականին ընդունած է Ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ ՄԱԿի ուխտը, բայց մինչեւ օրս ոչ միայն կ՛ուրանայ իրականութիւնը, այլ 2001էն ի վեր Թուրքիոյ տարածքին կը գործէ յատուկ կոմիտէ, որ կը համակարգէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը: Անոր համաձայն, որպէս հիմնական քայլ պէտք է կատարուի այդ յանձնաժողովին լուծարումը:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման նպատակով ամբողջ համակարգ մը ստեղծուած է, եւ եթէ ոեւէ թրքական համալսարանի մէջ դասախօսը կամ ուսանողը ուզէ այս ողբերգութեան ուսումնասիրութիւնը կատարել, ապա կապ պիտի հաստատէ եւ առնչուի այդ կոմիտէին հետ: Ոչ ոք կ՛ուզէ նման պատասխանատուութիւն ստանձնել, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք այն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ազգային դաւաճանութիւն կը նկատուի: Վերջին տարիներուն ընթացքին թրքական համալսարաններուն մէջ պատրաստուած է Ցեղասպանութեան վերաբերող 22 աշխատութիւն, բայց միայն երկուքին մէջ առկայ չէր ժխտողականութիւնը», դիտել տուած է Ռ.Զարաքօլու: Անոր համաձայն, այս քաղաքականութիւնը կը յանգեցնէ Թուրքիոյ պատմութեան ընդհանուր ուսումնասիրութեան թերացման։

Հայաստանը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Պէտք Է Բարձրացնէ Միջազգային Դատարաններուն Մէջ

ԹԵՍԱ ՀՈՖՄԱՆ

Գերմանացի ցեղասպանագէտ Թեսա Հոֆման դիտել տուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը կրնայ լուծուիլ նաեւ միջազգային դատական ատեաններուն մէջ: «Թէեւ ցեղասպանութեան իսկական իրականացնողները կենսաբանօրէն արդէն չկան, բայց այդ հարցը կը վերաբերի անոնց իրաւայաջորդներուն եւ թրքական պետութեան. այսինքն՝ միջազգային դատական ատեաններ դիմելու պարագային կարելի է ընդունիլ փաստացի յետադարձ ուժ ունեցող վճիռ», յայտնած է Հոֆման: Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կախեալ է ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ դատական գործընթացներէ։

Կարեւոր է նաեւ այն, թէ Թուրքիա որքանով ինքզինք կը նկատէ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը: «Երբ կ՛արծարծուի Ցեղասպանութեան հարցը, թրքական իշխանութիւնները կը շեշտեն, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը որեւէ կապ չունի Օսմանեան կայսրութեան հետ, սակայն իր քաղաքականութեամբ, մանաւանդ իշխողկուսակցութիւնը եւ Էրդողանի կառավարութիւնը կը վարեն բացայայտ նէոօսմանական քաղաքականութիւն» ըսած է Հոֆման։

 

Հայոց Ցեղասպանութեան Հիմնախնդիրներով Զբաղող
Փորձագէտներու Ընկերակցութիւն Կը Ստեղծուի

ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ

Գիտաժողովի աւարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանը՝ ամփոփելով գիտաժողովին մէջ հնչած զեկոյցները: «Դրական է այն հանգամանքը, որ գիտաժողովն անցաւ ակտիւ քննարկումների մթնոլորտում: Հրաւիրուած փորձագէտները, բացի Ցեղասպանութեան մասին գիտական զեկուցումներից, անդրադարձան նաեւ ճանաչման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերում առկայ թերութիւններին եւ հետագայ անելիքներին, ինչի համար էլ մենք նրանց հրաւիրել էինք», տեղեկացուցած է Դեմոյեան՝ աւելցնելով, որ քննարկման արդիւնքները պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին՝ 30 Մայիսին կայանալիք երրորդ նիստի քննարկման ընթացքին: Դեմոյեան դիտել տուած է, որ գիտաժողովի աւարտին պիտի որդեգրուի բանաձեւ, որ առաջարկներու ձեւով պիտի ուրուագծէ յանձնաժողովի գործելաոճի հիմնական ուղղութիւնները: Ան նշած է, որ  յանձնաժողովը աշխատանք պիտի տանի միջազգային  փորձագէտներու հետ մնայուն կապ ապահովելու իմաստով: «Նախատեսւում է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի հիմնախնդիրներով զբաղւող ընկերակցութիւն ստեղծել, որը մշտական կապ կ՛ապահովի բոլոր ցեղասպանագէտների եւ փորձագէտների հետ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ատիկա առիթ պիտի տայ աւելի համակարգուած եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու: Դեմոյեանի համաձայն, աշխատանքները շարունակական պիտի ըլլան: «Ընդունուելու են առաջարկներ թէ՛ այս տարուայ, թէ յաջորդ տարուայ աշխատանքների համար», յայտնած է ան՝ դիտել տալով, որ այսօրուան առաջնահերթութիւններէն է նախաձեռնութիւններու ժամանակացոյցի մշակումը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքներու կազմակերպումը ապահովելու համար: