ՀՅԴ-ն Երեւանի քաղաքապետութեան ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Երեւա՛ն, փոխէ՛ Հայաստանը» կարգախօսով։ Այս մասին երէկ յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը։

«Փոփոխութիւնները պիտի սկսին Երեւանէն եւ պիտի տարածուին ամբողջ Հայաստանի մէջ»,-ըսած է Աղուան Վարդանեանը` տեղեկացնելով, որ մասնագիտական խումբ ստեղծուած է, որ կþաշխատի նախընտրական ծրագրի մշակումով։

«Մենք պէտք է կարողանանք գիտակցել, որ սա ցուցակների առաջին համարների ընտրութիւն չէ, սա ընտրութիւն է քաղաքական ուժերի միջեւ։ Ընդամէնը 4 տարում ՀՀԿ-ն երեք քաղաքապետ է նշանակել, եւ սա նշանակում է, որ այդ ուժի համար ոչ թէ ընտրովի, այլ նշանակովի պաշտօն է»,- նկատել տուած է Աղուան Վարդանեանը՝ աւելցնելով, որ Երեւանի աւագանին պէտք է իսկապէս ըլլայ դերակատար, եւ, բնականաբար, այս ընտրութիւնները քաղաքական ընտրութիւններ պիտի ըլլան։

ՀՅԴ-ն յստակ խնդիր դրած է այս ընտրութիւններուն՝ կուսակցութեան իրական դիրքերը ընդգծել հանրութեան առջեւ, իսկ այս մէկը յաջողցնելու բոլոր նախադրեալները կան՝ մասնագիտական խումբ, սկզբունքներ, հետեւողական աշխատանք։

Անդրադառնալով ընտրութիւններուն ընդդիմութեան միասնական ցուցակով հանդէս գալու հարցին՝ Աղուան Վարդանեանը ըսած է, որ միասին մէկ ցուցակով մասնակցիլը կարելի չեղաւ յաջողցնել, բայց նաեւ առանձնաբար մասնակցութիւնը կրնայ իրավիճակը փոխել։ Ան կրկին խօսեցաւ աւագանիի ընտրութիններէն առաջ արդէն նկատուող բացասական որոշ երեւոյթներու մասին։

«Արդէն իսկ սկսել են ընտրակեղծիքներ նախապատրաստել։ Ամէն օր մի վարչակազմում հերթական շրջայցեր են տեղի ունենում, բայց սա երեւացող կողմն է, իսկ չերեւացողն այն է, որ իշխանութիւնը գործի է դրել իր ողջ վարչակազմը։ Ուսուցիչներին, համատիրութեան նախագահներին հերթով կանչում են կուսակցութեան գրասենեակներ, ամէնախիստ յանձնարարութիւններ են տալիս, ֆինանսական աղբիւրներն արդէն կամաց-կամաց գործի են դրւում, մարզպետերը Երեւանում շտապերու գրասենեակներ են բացել։ Բայց այսօր մթնոլորտը փոխուել է, եւ ժողովուրդը տեսնում է, որ կարող է ինչ-որ բան փոխուել» ըսաւ ան։