ՀՅԴ-ն երէկ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբին ներկայացուց 5 Մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար 65 հոգիէ բաղկացած համամասնական իր ցուցակը:

Ցուցակին առաջին 10 անուններն են՝

Արմէն Ռուստամեան (Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ),
Աղուան Վարդանեան (Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ),
Արսէն Համբարձումեան (ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ),
Ալեսիա Բեջանեան,
Արթուր Եղիազարեան,
Արթուր Ղազարեան,
Յովհաննէս Սարգսեան,
Մարկարիթա Խոստեղեան,
Արամ Նազարեան եւ Լեւոն Գաբրիէլեան: 

Աղուան Վարդանեան ցուցակը եւ համապատասխան փաստաթուղթերը յանձնախումբին ներկայացնելէ առաջ յայտնեց, որ պիտի համատեղուի քաղաքական պայքարը եւ զուտ քաղաքը ղեկավարելու պայքարը: Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչին, Դաշնակցութիւնը ունի փորձառու մարդոց խումբ մը եւ յստակ մօտեցումներ թէ՛ քաղաքի, թէ՛ երկրի կառավարման առումով, եւ եկած է այն ժամանակը, որ երեւանցիներուն գերակշիռ մասը անգամ մը եւս վստահի Դաշնակցութեան: «Այս պայքարին մէջ կը մտնենք վճռական եւ ոգեւորուած եւ վստահ ենք, որ պիտի յաղթենք»: Անդրադառնալով միասնական ցուցակով ներկայանալու հաւանական տարբերակին, որ չյաջողեցաւ, Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը առաւելագոյնս կարելին եւ անկարելին կատարեց, որ ընդդիմադիր ուժերը այս պայքարին մէջ մտնէին միասնական ցուցակով: Ան աւելցուց, որ իւրաքանչիւրը ունէր իր փաստարկները, հիմնաւորումները, սակայն չյաջողեցաւ: Բայց ասիկա Դաշնակցութեան համար ողբերգութիւն չէ, ընդհակառակն‘ թերեւս լաւ է: «Աւելի լաւ է, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պիտի փորձէ առաւելագոյն ձայներ ստանալ եւ ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ ընտրութիւններէն ետք համախմբուիլ յետընտրական հոլովոյթներուն մէջ եւ Հայաստանի մէջ հաւասարակշռութիւն, հակակշիռներ ստեղծել», յայտնեց Վարդանեան:

 

Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին Համար
Պիտի Պայքարի 7 Կուսակցութիւն

Երէկ աւարտեցաւ 5 Մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցութեան՝ կուսակցութիւններուն կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ցուցակներ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը: Յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Հերմինէ Յարութիւնեան յայտնեց, որ ցուցակներ ներկայացուցած են 7 քաղաքական ուժեր՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Ժառանգութիւն եւ Առաքելութիւն կուսակցութիւնները:

Նշենք, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Բարգաւաճ Հայաստանինը՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, Օրինաց երկիրինը՝ նախարար Արմէն Երիցեան, ՀՅԴ-ինը՝ Արմէն Ռուստամեան, Հայ ազգային քոնկրեսինը՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Վահագն Խաչատրեան, Ժառանգութեանը՝ կուսակցութեան փոխ նախագահ, նախկին պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան, Առաքելութիւն կուսակցութեանը՝ Մեսրոպ Առաքելեան:

Քարոզարշաւը պիտի սկսի 7 Ապրիլին: