«Մենք փաստօրէն պատրաստ ենք դիմելու մեծագոյն զիջումներուն: Օրինակ՝ մենք հարց չենք դներ, որ անպայման մեծամասնութիւն ըլլանք կամ առաջին դիրքը մերը ըլլայ:
Պատրաստ ենք որեւէ ձեւաչափով միաւորման, բայց այդ կը նշանակէ, որ այլ քաղաքական ուժեր պէտք է քիչ մը իրենց փառասիրութիւնը սեղմեն», Henaran.am կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան՝ իր շուրջը ընդհանուր առանցք ձեւաւորելու յայտարարութեան անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ ինք չի հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խօսիլ ուժի առանցքի մը մասին: «Եթէ խօսինք ազգային ընդհանուր առանցքի մը մասին, իշխանութեան հասնելու, իշխանութիւնը փոխելու առանցքի մասին, ասիկա հասկնալի կ՛ըլլայ», աւելցուց Յովհաննիսեան՝ նշելով, որ կուսակցութեան շուրջ կրնան միաւորուիլ այդ կուսակցութեան անդամները, իսկ միւս կուսակցութիւնները, հասարակական խմբաւորումները կրնան միաւորուիլ գաղափարին շուրջ: Վահան Յովհաննիսեան անգամ մըն ալ շեշտեց, որ ՀՅԴ համաձայն է միաւորման՝ առանց որեւէ յաւակնութեան: «Միասնութիւնը կարեւոր է: Եթէ ուրիշներ ատիկա հասկցան, ուրեմն պիտի երթանք առաջ եւ յաղթենք: Եթէ չհասկցան, ուրեմն նորէն պառակտուած պիտի քալենք: Ասիկա տակաւին քաղաքագիտական լուրջ վերլուծութեան կարիք ունի: Յոյսով եմ, որ միասնաբար հանդէս գալը տակաւին ամբողջապէս բացառուած չէ, բայց մենք անոր համար ամէն ինչ ըրինք», եզրափակեց Վահան Յովհաննիսեան: