ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 Մարտին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին զայն հրաւիրած է Հայաստան։
Ռուսիոյ նախագահական պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Ռուսիոյ նախագահին նստավայրին մէջ կայացած երկկողմանի հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան յիշեցուցած է, որ Ռուսիա կատարած իր այցելութիւնը արտասահմանեան առաջին ուղեւորութիւնն է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք: «Այն, որ առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը կատարւում է հէնց Մոսկուա, օրինաչափ է: Ռուսաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է, մեր դաշնակիցը, եւ դրանով ամէն ինչ ասուած է», յայտնած է Հայաստանի նախագահը:
«Մենք բացառիկ արդիւնքների ենք հասել բոլոր բնագաւառներում՝ քաղաքականութեան, տնտեսութեան մէջ, ռազմական ոլորտում, հումանիտար եւ ինտէգրացիոն գործընթացներում», ընդգծած է Սարգսեան: Ան նաեւ Ռուսիոյ նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է՝ «վերջին հանդիպումից յետոյ ռազմական ոլորտում տեղի ունեցած յառաջընթաց»ին համար:
Սերժ Սարգսեանը նաեւ անդրադարձած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյքունի եւ գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ Վալերի Գերասիմովի Հայաստան տուած այցելութիւններուն: «Ես համաձայն եմ, որ յառաջընթաց կայ նաեւ տնտեսութեան մէջ: Մենք ակնկալում ենք Ռուսաստանի օգնութիւնն ու աջակցութիւնը», նշած է Սարգսեան:
Իր կարգին Փութին դիտել տուած է, որ Ռուսիա եւ Հայաստան իրարու կապ-ւած են առանձնայատուկ յարաբերութիւններով. ան անգամ մը եւս Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորած է նախագահական ընտրութիւններուն յաղթելուն առթիւ: «Հայաստանի հետ մենք ունինք առանձնայատուկ յարաբերութիւններ: Ընդհանուր առմամբ անոնք յաջողութեամբ կը զարգանան: Հակառակ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ արձանագրուող որոշ դժուարութիւններուն, նախորդ տարի ապրանքաշրջանառութեան աճը 20 տոկոսէն աւելի էր, եւ ինծի համար շատ հաճելի է նշել, որ Ռուսիա կը շարունակէ վստահօրէն առաջին դիրքը պահպանել Հայաստանի հետ առեւտրատնտեսական շրջանառութեան մէջ», նշած է Ռուսիոյ ղեկավարը:
Ան դիտել տուած է, որ Ռուսիա աւելի քան 3 միլիառ տոլար գումարով առաջին դիրքը կը գրաւէ նաեւ Հայաստանի մէջ կուտակուած օտար ներդրումներու ծաւալով: «Մենք ունինք մեծ, հեռանկարային, լաւ ներդրումային միացեալ ծրագիրներ. յոյսով եմ, որ այսօր մենք կարելիութիւն կ՛ունենանք խօսելու այդ ամբողջ համալիրին մասին», նշած է ան։ Անոր համաձայն, նուազ աշխոյժ չեն նաեւ քաղաքական բնագաւառին մէջ ծաւալած կապերը։
«Ասիկա լաւ նախադրեալներ կը ստեղծէ մարդոց միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման համար: Շատ կարեւոր դեր կը խաղան համապատասխան միաւորումները, մասնաւորապէս Ռուսիոյ մէջ ապրող հայ համայնքի միաւորումը: Մեր երկրին մէջ կան մեծ թիւով հայեր եւ անոնք մեր երկրի շատ օրինապահ, ստեղծագործ, աշխատող քաղաքացիներէն են: Անոնք կը շարունակեն սերտ յարաբերութիւններ պահպանել իրենց պատմական հայրենիքին հետ: Ասիկա մեզ միաւորող լրացուցիչ մարդկային ներուժ է», յայտնած է Փութին: