Մարտ 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:

Յանձնաժողովի նախագահ Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները՝ կարեւորելով սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղուած անոնց համատեղ ջանքերն ու գործելու պատրաստակամութիւնը:

Նիստին ընթացքին զեկոյցով հանդէս եկաւ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեան: Ան ներկայացուց երեւան բնակող սուրիահայ ընտանիքներու ընկերային աջակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս քաղաքապետարանի կողմէ իրականացուած աշխատանքները: Ուսումնասիրութեան մը համաձայն մէկ անգամ եւս հաստատուած է, որ սուրիահայերու համար առաջնահերթ են բնակարանային եւ աշխատանքի տեղաւորման հարցերը: Մինչեւ օրս 156 սուրիահայ ընտանիք Երեւանի քաղաքապետարանէն դրամական աջակցութիւն՝ բնակարանի վարձավճարի, դեղորայքի տեսքով օգնութիւն ստացած է: 215 ընտանիք ստացած է կենցաղային իրեր, 66 ընտանիք պարէնային մթերքներու տեսքով օգնութիւն: Ներկայիս 11 ընտանիք կ’օգտուի բարեգործական ճաշարաններէն, 31 տարեց կը ստանայ կենսաթոշակ:

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի կրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան ներկայացուց սուրիահայերու համար նախատեսուած կրթական ծրագիրները՝ առանձնացելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ 2012 թուականի ամրան կազմակերպուած արեւելահայերէնի արագացուած ուսուցման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ՝ հոկտեմբեր ամսուն Երեւանի թիւ 14 դպրոցին մէջ ստեղծուած սուրիական կրթական ծրագիրով գործող «Կիլիկեան» դպրոցը, ուր կը դասաւանդեն սուրիահայ ուսուցիչներ: Այժմ դպրոցը ունի 370 աշակերտ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ միջին Արեւելքի վարչութեան պետ Լուսինէ Ստեփանեան ներկայացուց վերջին 2 ամիսներուն ՀՀ գերատեսչութիւններու, ինչպէս՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքները:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Հայկ Դարբինեան փաստեց, որ սրտային հիւանդութիւններու հետազօտումը սուրիահայերու համար եւս անվճար է, անհրաժեշտութեան պարագային համաբուժարաններու մէջ անվճար կարգով կը տրամադրուին նաեւ 150 անուն դեղեր:

Նիստը ամփոփեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան: Որոշուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան հետ համատեղ՝ սուրիահայերու համար լեզուներու ուսուցման կեդրոն բանալ, ուր պիտի կազմակերպուին արեւելահայերէնի, ռուսերէնի եւ, ցանկութեան պարագային նաեւ այլ լեզուներու արագացուած դասընթացքներ: Նախարարը նշեց, որ նախնական քննարկման փուլի մէջ է սուրիահայերու համար, իրենց մասնակցութեամբ երեւանամերձ շարք մը բնակավայրերու մէջ բնակարաններ կառուցելու հարցը: