Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքներով երկրորդ դիրքը գրաւած թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչները երէկ Սահմանադրական դատարանէն պահանջեցին անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի որոշումները եւ «արձանագրել ընտրութիւններու իսկական արդիւնքները»:

Երէկ դիմումը Սահմանադրական դատարան ներկայացուցին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ղեկավարած Ժառանգութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Զարուհի Փոստանջեան, Ժառանգութեան մամլոյ բանբեր Յովսէփ Խուրշուդեան եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի նախընտրական գրասենեակի իրաւական խորհրդատու Կարէն Մեժլումեան:

Կարէն Մեժլումեան Սահմանադրական դատարանի շէնքին դիմաց հաւաքուած լրագրողներուն տեղեկացուց, որ դիմումը ընդունուած է դատարանին կողմէ եւ ատիկա պէտք է քննարկուի տասնօրեայ ժամկէտի ընթացքին: Սահմանադրական դատարանի կանոնակարգի 19-րդ յօդուածին հիման վրայ դիմումներու նախնական ուսումնասիրութիւնը պէտք է աւարտի ոչ ուշ, քան դիմումի արձանագրումէն 24 ժամ ետք:

«Մենք կը հաւատանք, որ իրաւական հիմքեր առկայ են, մնացեալը‘ ինչպէս դատարանը որոշէ», յայտարարեց իրաւական խորհրդատուն‘ յայտարարելով, որ բազմաթիւ հիմքեր ներկայացուած են‘ «սկսեալ ընտրակեղծիքներէն մինչեւ իրաւական հիմնաւորումները»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կրնայ ըսել այն քննադատութեան առնչութեամբ, որ ի զուր է Սահմանադրական դատարան դիմելը, քանի որ նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմադիր թեկնածուները դիմեցին դատարան, բայց վերջինս միշտ մերժած է գոհացնել բողոքը, Խուրշուդեան յայտնեց, որ կան բոլոր իրաւական հիմքերը, եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանն ալ յայտարարեց, որ իրաւական ճամբով պիտի պայքարի:

Ի դէպ, ոստիկանութիւնը արգիլեց Ժառանգութեան համակիրներուն մօտենալ դատարանի շէնքին՝ պատճառաբանելով, թէ անոնք «կրնան խանգարել Սահմանադրական դատարանի բնականոն աշխատանքները»: