1988-ին Սումկայիթի հայ բնակչութեան նկատմամբ ազերիներու իրականացուցած ցեղասպանութենէն անցած է 25 տարի:

Այդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ոգեկոչումներ, հոգեհանգիստներ, ցոյցեր տեղի ունեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայագաղութներուն մէջ։ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու անդամները Ծիծեռնակաբերդ բարձրացան եւ ծաղկեպըսակ զետեղեցին, Սումկայիթի զոհերու յիշատակին։ Անոնք դատապարտեցին անպատիժ մնացած ոճրագործութիւնը։ 

Մեր վաղուան թիւով կþանդրադառնանք տարբեր գաղութներու մէջ կատարուած միջոցառումներուն։