Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրի (ԱԳԳԾ) եւ Պլանաւորման ու վերանայման գործընթացի (ՊՎԳ) 2012թ. փաստաթուղթերու գնահատման համար չորս օրուայ այցելութեամբ Հայաստան էր ՆԱԹՕ-ի պատուիրակութիւնը:

Քառօրեայ քննարկումներէ եւ հանդիպումներէ ետք, երէկ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրի իրականացման միջ-գերատեսչական յանձնաժողովի եւ ՆԱԹՕ-ի պատուիրակութեան համատեղ նիստը: Ներկայացուեցան փաստաթուղթերու գնահատման նախնական արդիւնքները:

Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերային համագործակցութիւնը կը զարգանայ անվտանգութեան հարցերու շուրջ քաղաքական երկխօսութեան միջոցով: