ԵՐԵՒԱՆ.- 25 Փետրուարին դասադուլ յայտարարած ուսանողները 26 Փետրուարին կրկին հաւաքուած են ԵՊՀ գլխաւոր մասնաշէնքին առջեւ:

Գլխաւոր մասնաշէնքի բակին մէջ հաւաքուած խումբ մը եկած էր «դիմաւորելու» դասադուլ ընողները։ Խումբին մաս կազմող քանի մը ուսանողներ դիտել տուած են, որ թէեւ իրենց դասերը աւելի ուշ ժամու են, բայց իրենք կանուխ եկած են, «խրատելու դասադուլ անողներին, որ եթէ սա լինէր գաղափարական շարժում, մէկ ժամը հերիք է, որ բոլոր ուսանողները ոտքի կանգնեն»:

«Սա 1988 թ. շարժումը չէ, սա ազգային զարթօնք չէ, երկու դէպքում պէտք է համարել սա ազգային շարժում», իր խօսքը դասադուլ ընողներուն ուղղած է համալսարանի աշխատակիցներէն մէկը՝ շարունակելով. «Եթէ սա լինէր արցախեան շարժում կամ ցեղասպանութեան հարց՝ կը քննարկուէր: Մեծամասնութիւնը չի կարծում, որ սա ազգային հարց է»:

Դասադուլ յայտարարած ուսանողները ուղղուած են Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարան՝ գտնելու համախոհներ: Լարուած վիճակ ստեղծուեցաւ ուսանողներուն միջեւ: