Գիւմրիի եւ Աշտարակի մէջ անցնող շաբաթավերջին բազմամարդ հանրահաւաք տեղի ունեցաւ։
Լուրեր կը շրջնէին թէ ոտիկանութիւնը կը խոչընդոտէր մարդոց շարժը դէպի Շիրակի մարզկեդրոն։ «Ժառանգութեան» առաջնորդը ջերմութեամբ ընդունուեցաւ բազմութեան կողմէ։ Հաւաքուած ժողովուրդը պաստառ պարզած էր «Գիւմրին չի վաճառւում» լոզունգով։
Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ փողը, հարստութիւնը, արժանապատւութիւնը պէտք է վերադարձուի ժողովուրդին։ Ըստ իր խօսքերուն, Հայաստանի մէջ պէտք է կարգ ու կանոն հաստատուի, ՀՀ քաղաքացին պէտք է ապրի արժանապատիւ, այլ ոչ թէ որպէս ստրուկ, իսկ յետոյ պէտք է մտածել նաեւ մեր պապերու հայրենիքի մասին։
Ան դիմելով Սերժ Սարգսեանին՝ ըսաւ. «Ես ձեզ յարգում եմ, պարոն Սարգսեան, մտածէք, թէ ի՞նչ էք անում, դուք գործ ունէք ոչ թէ ինձ հետ, այլ՝ հայ ժողովրդի, ճանաչէք նրա յաղթանակը»։
Յովհաննիսեան կրկնեց նաեւ Երեւանի եւ այլ հաւաքներու ժամանակ հնչած այն միտքը, որ այս պայքարը կուսակցութիւններու կամ անձերու պայքար չէ, չկայ «Ժառանգութիւն», չկայ «Դաշնակցութիւն», չկայ ՀՀԿ, չկայ այլ կուսակցութիւն, «սա հայ ժողովրդի, Հայաստանի համար կռիւ է»: Ան աւելցուց թէ «սա հայ մարդու՝ իր երեխային դրսից տուն՝ հայրենիք բերելու պայքար է»։
Հաւաքուած բազմութիւնը անընդհատ տարբեր վանկարկումներով կ'արձագանգէր իր խօսքին, սակայն երբ բազմութիւնը սկսաւ գոչել՝ “Սերժի՛կ, հեռացի՛ր”, Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը յայտարարեց, որ համաձայն չէ նման բացագանչութիւններու հետ։ Յատկանշական էր, որ այստեղ ալ ան ըսաւ, որ ինքը հետեւողան, հանգիստ պայքարի կողմնակից է եւ գնալու է սահմանադրական ճանապարհով։
“Անկայունացում եթէ լինի, մեր կողմից չի լինելու”,- ըստ էութեան՝ հանդուրժողութեան կոչ ընելով՝ ընդգծեց ան, իսկ ոստկանութեան կոչ ըրաւ՝ յարգել ժողո- վուրդին, որ վաստակած է իր ազատութեան իրաւունքը։
Գիւմրեցիներուն եւս ան հրաւիրեց Երեւան՝ հանրահաւաքի, իսկ ոտիկանութեան զգուշացուց, որ ժողովուրդի ճանապարհը փակողներու մեքենաներու համարները լրագրողները «պիտի ֆիկսեն, ու նրանց յետոյ պատիժ է սպասւում։ Իսկ ժողովրդի վրայ ձեռք բարձրացնող գործ կ'ունենայ իմ հետ» ըսաւ ան։
Ան ըսաւ որ պայքարը երկարատեւ պիտի ըլլայ եւ հասարակութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր ու չհիասթափուի։
Յովհաննիսեանը գիւմրեցիներուն խոստացաւ, թէ նորէն պիտի վերադառնայ Գիւմրի, բայց նաեւ խնդրեց, որ իրեն հրաւիրեն հարսանիքներու, որ Շիրակը ծաղկի։
Այսպիով, Յովհաննիսեանի յայտարարած “բարեւի յեղափոխութեան” երէկուայ հանրահաւաքներու շարքը աւարտեցաւ: Ան յայտնած է թէ այսօր ալ իր հանդիպումները պիտի շարունակէ այլ մարզերու մէջ: