«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ».- Երէկ Հինգշաբթի կէսօրին, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը։

Հանդիպումը անցաւ առանց լրագրողներու ներկայութեան։

Ինչպէս յայտնուեցաւ հանդիպման աւարտին, քննարկուեցաւ ՀՀ նախագահական ընտրութիւններուն եւ յետընտրական շըրջանին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ։ ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն հաղորդուեցաւ թէ Սերժ Սարգսեան եւ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան կարեւորեցին բոլոր գործընթացները ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու շրջանակէն ներս իրականացնելու առաջնահերթութիւնը։

Րաֆֆի Յովհաննիսեան դուրս գալով նախագահական նստավայրէն յայտարարեց, որ հանդիպման բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակէ այսօր՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած հանրահաւաքին ընթացքին:

Յովհաննիսեան ըսաւ նաեւ, որ հանդիպումներ պիտի ունենայ դիւանագիտական շրջանակներու հետ եւ համակիրներուն կոչ ուղղեց ցրուելու: Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման սկիզբէն վայրկեաններ ետք նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ ծառայութիւնը տարածեց հանդիպման լուսանկարը եւ մօտ 30 երկվայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթ մը, որուն մէջ Յովհաննիսեան եւ Սարգսեան բաւական ջերմ մթնոլորտի մէջ կը հետաքրքրուին մէկը միւսին որպիսութեամբ: