Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները դիտարկող միջազգային կազմակերպութիւնները յայտարարութիւններով հանդէս եկան, նկատել տալով թէ ընդհանուր առմամբ պահպանուած են ժողովրդավարական ազատութիւնները:

Երէկ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Թոնինօ Փիցուլան յայտարարեց, որ «այս ընտրութիւնները բարելաւուած էին, սակայն զուրկ էին իրական մրցակցութենէ»:
«Մեզի համար հաճելի է առաջընթաց արձանագրել մի քանի բնագաւառներէ ներս, սակայն մրցակցութիւնը կարեւոր է, եթէ Հայաստան կը պատրաստուի արդարացնել իր ժողովուրդի ձգտումները դէպի ամուր եւ ոգեշնչող ժողովրդավարութիւն», - ըսած է Փիցուլան:
Դիտորդները նշած են, որ քարոզարշաւի ընթացքին ժողովրդավարական ազատութիւնները ընդհանուր առմամբ պահպանուած են եւ քարոզարշավը անցած է խաղաղ ու լաւ կազմակերպուած:
Միեւնույն ժամանակ, անոնք անդրադարձան Հայաստանի նախագահի քարոզարշաւին քննադատելով որոշ երեւոյթներ։ Դիտորդները նկատած են, որ մասնաւորապէս տեղական մակարդակով, Սերժ Սարգսեանի քարոզչական ակտիվիստներու եւ պետական կառոյցներու տարանջատումը յստակ չէր: Այն ներառած է վարչական աղբիւրներու սխալ օգտագործում, ինչպէս նաեւ ճնշում հանրային աշխատողներուն վրայ, որպէսզի անոնք մասնակցին ընտրութիւններուն եւ քարոզարշաւի միջոցառումներուն:
Մինչ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդները նշեցին թէ բացթողումներ նկատած են, ԱՊՀ ԱՊՀ դիտորդները նկատել տուին թէ իրենց արձանագրած խախտումները կը համարեն թեքնիկական բնոյթի՝ յայտարարելով, որ ընտրութիւնները անցած են ազատ, բաց եւ մրցակցային: Այս մասին յայտարարեց ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Սերգէյ Լեպետեւը:
«Ընտրութիւնները անցած են Հայաստանի սահմանադրութեան ու ընտրական օրէնսգրքի համապատասխան», - ըսաւ ան ու աւելցուց. «Կասկած չկայ, որ ընտրութիւնները լեգիտիմ ¥օրինաւոր¤ էին, գործող նախագահը վերահաստատեց իր լիազօրութիւնները լեգիտիմ ճանապարհով» ըսաւ ան։

 

Անվաւեր քուէաթերթիկները

Թեկնածուներու եւ իրենց ստացած քուէներու համեմեմատութիւններէն անդին, նաեւ թիւային պատկերը հետաքրքրական է, յատկապէս՝ մասնակցութեան եւ անվաւեր քուէաթերթիկներու առումով: Անցեալ տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւններու 1.671.027 մասնակիցներու փոխարէն, այս տարի քուէատուփ ներկայացաւ 1.521.931 մարդ. այս կը կազմէ ամբողջ ընտրողներու 60,18%-ը: Այսինքն, ընտրողներու կէսէն քիչ մը աւելին է, որ մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն.
Անկէ զատ 50.992 մարդ մասնակցեցաւ յստակ մտադրութեամբ. տէր կանգնիլ իր քուէին ու անվաւեր դարձնել քուէաթերթիկը: Յայտնի է թէ պատահական չեն այս քուէները։

Ընտրախախտումներու առումով՝ անցեալ ընտրութիւններուն համատարած ընտրակաշառք կար. այս անգամ՝ խախտումները դուրս չեն եկած յանձնաժողովականներու հաշուարկի սենեակէն:

 

Հաւաք

Երէկ կէսօրուայ ժամերուն Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի բացօթեայ մամլոյ ասուլիսին առիթով։ Հարիւրաւոր մարդիկ համախմբուեցան իր կողքին, նոր պայքարի ակընկալիքով։ Անոնք կը վանկարկէին «նախագահ» եւ զօրակցութիւն կը յայտնէին Ռ. Յովհաննիսեանին։


Ռ. Յովհաննիսեանի յաղթանակը Շիրակի մէջ ՀՀԿի համար անակնկալ էր

Շիրակի մարզէն ներս Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը ստացաւ 67.805 քուէ, Սերժ Սարգսեանը 56.729։ Գիւմրիի մէջ Ռ. Յովհաննիսեանը մօտ 2.5անգամ աւելի շատ ձայն յաջողեցաւ հաւաքել, քան գործող նախագահը՝ համապատասխանաբար 69.5 առ հարիւր եւ 27 առ հարիւր։

 

Փութինի շնորհաւորանքը
Հեռաձայնային կապ հաստատելով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Ան ըսած է թէ ընտրութիւններու արդիւնքը կը վկայէ բնակչութեան մօտ Սերժ Սարգսեանի բարձր հեղինակութեան մասին։