Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը ամփոփեց ընտրութեան արդիւնքները
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը այս պահուն արդէն ամփոփած է 407 տեղամասերու արդիւնքները։
Առաջատարը շարունակաբար թարմացուող նախնական արդիւնքներու հիմամբ՝ նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեան է՝ 65.36%, երկրորդը՝ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը՝ 30.73%-ով, իսկ երրորդը Հրանդ Բագրատեանը՝ 1.78%-ով։
Զանազան կայքէջեր եւ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը պարբերաբար կը հրապարակէին տարբեր տուեալներ: Ընտրութեան մասնակցեցաւ քուէարկողներուն 60,05 առ հարիւրը՝ 1,518,407 հոգի:
Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-էն (Երեւանի ժամանակացոյցով) մինչեւ գիշերուայ ժամը 20:00 շարունակուեցաւ քուէարկութիւնը: Քուէաթերթիկներուն վրայ ընդգրկուած էին 7 թեկնածուներու անուններ:
Սահմանադրութեան համաձայն, նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որուն թեր կը քուէարկեն ընտրողներու թիւին կէսէն աւելին: