Անցնող շաբաթավերջին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը ընդունեց ԱՊՀ գործադիր քարտուղար Սերգէյ Լեպեդեւին, որ կը գլխաւորէ ՀՀ նախագահական ընտրութիւններուն ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը: Ողջունելով հիւրերուն նախարար Նալբանդեանը նշեց, որ

Հայաստանը, կարեւորելով ԱՊՀ¬ի դերակատարութիւնը իր անդամ երկիրներու միջեւ  համագործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման գործին մէջ, պիտի  շարունակէ իր աշխուժ ներգրաւուածութիւնը կազմակերպութեան գործունէութեան բոլոր ուղղութիւններուն մէջ։
ԱՊՀ գործադիր քարտուղարը բարձր գնահատեց Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը կազմակերպութեան աշխատանքներուն մէջ։
Քննարկուեցան ընտրութիւննե¬ րուն առընչուած հարցեր. ԱՊՀ գործադիր քարտուղարը նշեց, որ կազմակերպութեան հովանիին տակ դիտորդական առաքելութիւն կþիրականացնեն շուրջ 210 դիտորդներ, որոնք պիտի աշխատին բոլոր մարզերու եւ Երեւանի մէջ։