ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Թինա Շոն երէկ ժամանած է Երեւան՝ կարգաւորելու ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի դիտորդական առաքելութեան վերջին փուլը:

Անցեալ ամիս Շոնը ղեկավարած էր նախապատրաստական այցը Հայաստան ընտրութիւններու ընթացիկ դիտարկման համար: Շոնի յունուարեան այցելութեան անմիջապէս յաջորդած է ԵԱՀԿ ԽՎ ներկայացուցչութեան հաստատումը՝ աւագ խորհրդատու Անդրէաս Պէյքըրի գլխաւորութեամբ:

Պատուիրակութեան քաղաքական ղեկավար Դոնինօ Փիցուլան՝ Խրուաթիայի Խորհրդարանի անդամ եւ Վեհաժողովի փոխ նախագահը, Երեւան պիտի ժամանէ այսօր։ Դ. Փիցուլան, որ նախապէս եղած է Խրուաթիայի արտաքին գործոց նախարար, մասնակցած է բազմաթիւ ընտրական դիտորդական նախագիծերու եւ ղեկավարած է ընտրական դիտորդական առաքելութիւնը Ռուսաստանի եւ Վրաստանի մէջ:

Տիկին Շոնը, որ պատասխանատու է ԵԱՀԿ ԽՎ ընտրութիւններու դիտարկման, վարած է ԽՎ բոլոր դիտորդական ջանքերը Հայաստանի մէջ վերջին 13 տարիներուն ընթացքին: 

 

ՀՀ ընտրողներու ցանկերէն դուրս բերուած են 1893 մահացածներու անհատական տուեալներ

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը ամփոփած է բնակչութեան պետական ցանկերու հիմամբ մշակուող տեղեկութիւններու հաւաստիութիւնը՝ ապահովելու համար իրականացուող միջոցառումներու արդիւնքները:

Ոստիկանութեան ծառայողները այցելութիւններ կատարած են փոխ հատուցման կարգով նոր բնակարաններ ստացած քաղաքացիներու տուները, անոնց բացատրելով ցանկագրման օրէնսդրութեան պահանջները։

Մահացած քաղաքացիներու ազգականներէն ի յայտ եկած են շուրջ 1893 մահացածներու անհատական տուեալներ, որոնց անունները դուրս բերուած են ցանկերէն։