«Բոլորը չմասնակցելը կամ չառաջադրելը համարում են մի կողմ քաշուել, բայց դա այդպէս չէ»,- յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Ռուստամեան չէ համաձայնած այն դիտարկումին հետ, որ Դաշնակցութիւնը այսօր յայտնուած է կրաւորական դիրքերու վրայ եւ սոսկ յայտարարութիւններով կը հետեւի ընտրութիւններու ընթացքին: Նշած է, որ Դաշնակցութիւնը մէկ կողմ չէ քաշուած ընտրութիւններէն, այլ ուզած է ասով ընդգծել այն հիմնական հարցը, որ գոյութիւն ունի այսօր ընտրական համակարգին մէջ, այն խոր տագնապը, որուն մէջ յայտնուած է Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս ընտրութիւններու հոլովոյթը: Ըստ Ռուստամեանի՝ այդ պատճառով Դաշնակցութիւնը անիմաստ նկատած է այդպիսի պայմաններու մէջ ընտրութիւններուն մասնակցիլը: Թեկնածու չներկայացնելու ու ներկայացողներէն ալ ոչ մէկուն զօրակցելու ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշման մասին հարցումին պատասխանելով՝ Ա. Ռուստամեան բացատրած է, որ ՀՅԴ հիմնական հարց նկատած էր ընդդիմութեան միացեալ եւ զօրաւոր թեկնածուի մը նշանակումը։