ՊԱՐՈՅՐ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆ ԵՌՕՐԵԱՅ ՀԱՑԱԴՈՒԼՈՎ ՄԻԱՑԱԾ Է Ա. ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԻՆ

Յունուար 25ին, Հայաստանի նախագահութեան թեկնածու, Ազգային Ինքնորոշում Միաւորումի ղեկավար Պարոյր Հայրիկեան եռօրեայ հացադուլով մը միացած է նախագահութեան այլ թեկնածու Անդրէաս Ղուկասեանի հացադուլին։

“Չեմ կարող թողնել իմ գործերն ու նստել Անդրէաս Ղուկասեանի մօտ, սակայն նրան յայտնում եմ իմ համերաշխութիւնը”,- ըսած է ան:Իսկ Ա. Ղուկասեան, որ կը շարունակէ հացադուլը, պատասխանելով հարցումի մը, թէ ինչպէս կը զգայ ինքզինք, բռունցքը բարձրացնելով՝ ըսած է. “Պայքարում եմ”։

 ՀԱՅՐԻԿԵԱՆԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

«Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը կը ներկայացնէր Պարոյր Հայրիկեանի ծրագրին գլխաւոր կէտերը: Ան կը խոստանայ, թէ ընտրուելու պարագային, պիտի լուծէ Ազգային Ժողովը, բարենորոգէ Սահմանադրութիւնը, ջնջէ նախագահական համակարգը, նախապատուութիւնը տալով՝ խորհըրդարանականին:

Ր. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՄԱՐԶԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

Յունուար 26ին, նախընտրական քարոզարշաւի շրջանակին մէջ Մեծամօրի համայնք կատարած այցելութեամբ՝ մարզային հանդիպումներու շարքը սկսած է նախագահութեան թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան: Մեծամօրի մշակոյթի պալատին մէջ նախատեսուած հաւաքոյթը հարկ եղած է տեղափոխել բացօթեայ վայր՝ պալատին յարող հրապարակը, նկատի ունենալով ակնկալուածէն շատ աւելի մեծ թիւով մասնակիցներու ներկայութիւնը: Իր ելոյթին մէջ ան խիստ քննադատութեան ենթարկելով ներկայի իշխանութիւնները եւ նախագահ Ս. Սարգսեանը՝ ըսած է. “Եթէ այսպէս շարունակուի՝ աւելանայ գործազրկութիւնը, խորանայ աղքատութիւնը, Հայաստանում մարդ չի մնայ. սա մի կործանարար գործըն- թաց է, որը պէտք է միասին, ազգովի կասեցնենք Փետրուարի 18ին”: Ապա, խօսելով համայնքային խնդիրներու մասին, ան նշած է. “Արմաւիրի մարզը եւ, մասնաւորաբար, Մեծամօրի քաղաքային համայնքը լաւ հնարաւորութիւններ ունի խթանելու գիւղատնտեսական հատուածի զարգացումը, մեծացնելու գիւղմթերքների արտադրութեան ծաւալները։ Անհրաժեշտ է սուբսիդաւորել (նպաստաւորել) ոռոգման ջրի գինը 70-80%՝ որոշ դէպքերում, օրինակ, նոր հողերի իւրացման, բարձրարժէք գիւղատնտեսութեան վարման, նոր այգիների հիմնման դէպքում անգամ 90%: Անընդունելի է, երբ ջրառատ Հայաստանում գիւղացին չի կարողանում լիարժէքօրէն օգտուել այդ բնական բարիքից եւ այն անօգուտ հոսում է երկրի սահմաններից դուրս”,- շեշտած է թեկնածուն, որ այնուհետեւ անդրադարձած է Մեծամօրի հիւլէակայանի խնդիրներուն եւս։ Ր. Յովհաննէսեան յիշեցուցած է նաեւ, որ «Ժառանգութիւն»ը անընդհատ առաջարկ կը ներկայացնէ պետական ամավարկէն Մեծամօրի աւագ դպրոցի վերանորոգման գումար տրամադրելու մասին, բայց կառավարութիւնը նոյն հետեւողականութեամբ կը մերժէ: Մինչդեռ, ըստ թեկնածուին, “թէ՛ Մեծամօրի, թէ՛ երկրի միւս մարզերի դպրոցները շուտափոյթ վերանորոգման եւ անհրաժեշտ կահաւորմամբ, սարքաւորումներով ու դիդակտիկ (դաստիարակչական ) նիւթերով յագեցման կարիքն ունեն”։

 ԵՐԵՔ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հրանտ Բագրատեան, Պարոյր Հայրիկեան եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Յունուար 28ին, միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են: Անոնք իրենց վերապահութիւնը կը յայտնեն քուէարակութեան կանոնաւորութեան նկատմամբ: Կը պահանջեն, որ հրապարակուի Հայաստանէն դուրս ապրող ընտրողներու ցանկը եւ վերջ տրուի միշտ նոյն վարչական տուեալներու անդադար օգտագործման՝ ապահովելու համար Ս. Սարգսեանի վերընտրութիւնը: Անոնք կ’առաջարկեն, որ ընտրական իւրաքանչիւր գրասենեակի մէջ զատ-զատ ցանկերով ցուցադրուին երկրէն ներս եւ դուրս գտնուող քուէարկողները: Յայտարարութիւնը ստորագրողներու կարծիքով՝ նաեւ Ս. Սարգսեանի իշխանութիւնները վերջ պէտք է տան՝ պետական պաշտօնեաներուն եւ բանակայիններուն վրայ «վարչական ճնշումներ» բանեցնելուն: Նախորդ օր ալ, Ր. Յովհաննէսեան, այլ թեկնածուի մը՝ Արման Մելիքեանի հետ, նոյնիմաստ ամբաստանութիւններ յղած էր երկրին իշխանութիւններուն: