Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ 28 Յունուարին Հայաստան ժամանեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ նախարար Սերգէյ Շոյգուի դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ հանդիպում՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: