Այս տարուան առաջին կիսամեակին ընթացքին Երեւան պիտի ներկուի 120 հանրակառք:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի փոխադրամիջոցի վարչութեան պետ Հենրիկ Նաւասարդեան: 120-ն 112-ը մասնաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ պիտի ներկրուի Հարաւափրիկեան Հանրապետութենէն, իսկ մնացեալը՝ այլ երկիրներէ:

Երեւանի ներքաղաքային հասարակական փոխադրամիջոցի նոր երթուղային ցանցով նախատեսուած էր նախապէս գործող 31 երթուղայինները (փոքր հանրակառքեր) փոխարինել հանրակառքերով: 2012-ի ընթացքին երթուղային ութ գիծ արդէն փոխարինուած է հանրակառքերով:

Ներկայիս մայրաքաղաքին մէջ կը գործէ «ա» տառով երթուղային 13 գիծ, որոնք աստիճանաբար պիտի փոխարինուին ընթացիկ տարուան ընթացքին՝ հանրակառքերու ներկրման աշխատանքներուն զուգահեռ:

Չինաստանէն ներկրուած նոր հանրակառքերուն մէկ մասը (մօտ 40) դեռ չեն շահագործուիր՝ համապատասխան որակաւորման վարորդներ չըլլալու պատճառով, սակայն քաղաքապետարանի փոխադրամիջոցի վարչութենէն հաւաստիացուցած են, որ երթուղիայիններու փոխարինման զուգահեռ, վերջիններուս վարորդները պիտի տեղափոխուին հանրակառք վարելու: Վարորդներու թափուր աշխատատեղի համար արդէն տարածուած են յայտարարութիւններ: