ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանի «Ուրուագիծ» հաղորդումին ընթացքին ըսաւ, որ «Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պարզ դարձաւ, որ իրական զանգուածը այնքան պակսած է, որ ազդեցութիւն չունի ընտրական հոլովոյթին վրայ,
իսկ ոչ իրական զանգուածը՝ վարչական միջոցներու եւ այլ տեսքով, աւելցած է: Մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան քանի մը տոկոս աւելցնելու համար, իմաստ չունի: Եթէ պայքարի ընթացքին մէկ հոգի կը յաղթէ, եւ անիկա դուն չես, ուրեմն քու տոկոսներդ ոչ ոքի կը հետաքրքրեն: Ժողովուրդը ատոր չի սպասեր, այլ՝ փոփոխութիւններու»:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, միշտ ալ կային բացասական երեւոյթներ, բայց այն չափով չէին, ինչ որ այս անգամ, որովհետեւ «այսօր ընտրակաշառք վերցնող եւ բաժնող հատուածները սերտօրէն կը համագործակցին»: Ռուստամեան նշեց, որ իրենք կը փորձէին Ազգային ժողովի ընտրութիւնները վերահսկել տեղամասերուն մջ, բայց պարզուեցաւ, որ տեղամասերէն դուրս են հիմնական կեղծիքները: Կարելի չէ ժողովուրդին մեղադրել, քանի որ անիկա, ըստ Ռուստամեանի, աղքատ է, եւ 10 հազար դրամը անոր համար լուրջ գումար է:
Ռուստամեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ էր ընդդիմադիր դաշտի միաւորում, որ տեղի չունեցաւ: ՀՅԴ-ն կարեւոր կը նկատէր իր ներկայացուցած 7 կէտնոց օրակարգի կատարումը՝ առանց տարբերութիւն դնելու, թէ ո՛վ պիտի իրականացնէ զայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագա՞հը, թէ՞ ընդդիմութիւնը. «Կարեւորը 7 կէտերն էին, որոնց շուրջ համաձայնութենէն ետք նոր միայն պիտի դրուէր մի- ասնական թեկնածուի հարցը»: Արմէն Ռուստամեան այդպէս բացատրեց իրենց ներկայացուցած օրակարգը նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկելը եւ աւելցուց. «Մենք տակաւին 8 Նոյեմբերէն ըսած ենք, որ պիտի հանդիպինք ոչ միայն ընդդիմադիր, այլեւ համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող ուժերուն: Շատ լաւ պիտի ըլլայ, որ Սերժ Սարգսեանը ըսէ՝ այդ 7 կէտերը կ՛ընդունիմ, ճամբու քարտէս մշակէ, թէ ե՛րբ պիտի կատարէ: Եթէ ես իսկապէս անկեղծ եմ խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ, ուրեմն ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՛վ պիտի լուծէ»: Միասնական թեկնածուի ճիշդ ընթացքը, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, միասնական թեկնածուով հանդէս գալն էր: Այդ հանգրուանը ընդդիմութիւնը չանցաւ:
«Ներկայ Ընթացքը Նկատի Ունենալով՝
Շատ Հաւանաբար Ոեւէ Մէկուն Չսատարենք» Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան ընդգծեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն ժողովը Գերագոյն մարմինին լիազօրած է հետեւիլ ընտրարշաւին եւ անհրաժեշտութեան պարագային յայտարարութեամբ հանդէս գալ:
Ըստ անոր, երբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն ժողովը, պարզորոշ չէր, թէ որո՛նք պիտի արձանագրուին իբրեւ նախագահի թեկնածու, ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ ընտրարշաւը, անոր համար ալ այդ ժամանակ այսպիսի լիազօրութիւն չէ տրուած: «Երբ քարոզարշաւը սկսի, նախընտրական ծրագիրները ներկայացնեն, կազմակերպեն քարոզարշաւը, անհրաժեշտութեան պարագային պիտի յայտնենք մեր դիրքորոշումը», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչը:
«Կարելի է, որ ոեւէ մէկուն չսատարելու վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնենք, կարելի է սատարենք ոեւէ թեկնածուի, բացառութեամբ՝ իշխանութեան թեկնածուի», ընդգծեց Համբարձումեան:
Ըստ Արսէն Համբարձումեանի, ներկայ ընթացքը նկատի ունենալով՝ ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլայ առաջին տարբերակը՝ ոեւէ մէկուն չսատարել, որովհետեւ սատարելը ինքնանպատակ չէ, եթէ թեկնածուն կը մասնակցի ընդամէնը մասնակցութեան համար, որեւէ էական փոփոխութիւն Հայաստանի եւ հասարակութեան կեանքին մէջ առաջ չի բերեր:
ՀՅԴ-ն Պիտի Կողմնորոշուի եւ Լրացուցիչ Կոչ Պիտի Ուղղէ
«Քաղաքացիները պէտք չէ մտածեն, որ քանի որ ընտրութիւններով շատ հարց չի կրնար լուծուիլ, ուրեմն պէտք է մերժեն եւ չմասնակցին ընտրութիւններուն», Henaran.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՀՅԴ-ն պիտի ուղղորդէ՞ իր ընտրազանգուածը քուէարկելու որեւէ թեկնածուի օգտին, Մինասեան ըսաւ, որ այս պահու դրութեամբ իրենց յայտարարութիւնը՝ չքուէարկելու իշխանութեան թեկնածուի օգտին, ուժի մէջ է: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք անպայման մասնակցելու ընտրութիւններուն, իսկ թէ ո՛ր թեկնածուին օգտին, յստակ է յայտարարութեան մէջ, որ այդ թեկնածուն իշխանութիւնը չէ: Ընթացքին Գերագոյն մարմինը պիտի կողմնորոշուի եւ լրացուցիչ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ՝ որեւէ թեկնածուի կամ բոլորին դէմ քուէարկելու մօտեցումը կիրարկելու համար», եզրափակեց Արծուիկ Մինասեան: