Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան գացած էր ընտրութեանց նախնական դիտարկումներ կատարելու համար, հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեանի հետ: Այդ հանդիպումներէն եւ ստուգումներէն ետք՝ պատուիրակութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր կÿողջունէ չափանիշերու համապատասխան ընտրութիւններ կազմակերպելու՝ հայաստանեան իշխանութիւններուն միտումը, բայց նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ ի տես ընտրացուցակին մէջ գոյութիւն ունեցող անճշդութիւններուն: Դեռ ամէն ինչ յստակ չէ արտասահմանի հայոց՝ քուէարկելու իրաւունքին գծով:

Պատուիրակութիւնը նաեւ յուսախաբ է՝ նկատելով, որ ԵԽԽՎ-ի որոշ յանձնարարութիւնները անտեսուած են, ըսուած է նոյն յայտարարութեան մէջ: Նաեւ նշուած է, որ ընտրութիւններուն ամիս մը մնացած՝ հանրութեան մէջ նկատած են թէ՛ ընդհանուր անտարբերութիւն՝ քուէարկութեան նկատմամբ, թէ՛ ալ վստահութեան պակաս: Պատուիրակութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ բոլոր թեկնածուները հաւասար պայմաններէ կ'օգտուին՝ յատկապէս լրատու միջոցներու առումով: Յոյս կը յայտնուի նաեւ, որ թեկնածուները կը ներկայացնեն շօշափելի ծրագրեր, որպէսզի անոնց միջեւ առողջ վիճարկում տեղի ունենայ եւ հանրութիւնն ալ կարենայ ընել իր ընտրութիւնը: ԵԽԽՎ-ի պատուիրակութիւնը կ'ըսէ, թէ գիտակից է իրաւաբանական բարելաւումներուն, որոնք արդիւնք են Ընտրական օրէնսգրքին մէջ 2011ին կատարուած բարեփոխումներուն:

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը տեղական՝ 9 եւ միջազգային՝ 5 կազմակերպութիւններ պաշտօնապէս արձանագրած է դիտարկումներու համար

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը (ԿԸՅ) սահմանած է նախագահական թեկնածուներուն Հանրային հեռատեսիլէն եւ Հանրային ձայնասփիւռէն տրամադրուելիք հաղորդումի պահերու կարգը: Նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին անոնք կ'ունենան հաւասար պայմաններ:

ԿԸՅ-ը ելեկտրոնային վիճակահանութեամբ ճշդած է նաեւ ընտրատարածքներու ընտրական յանձնաժողովներու նախագահներու եւ քարտուղարներու պաշտօններու բաշխումը՝ Ազգային ժողովին մէջ խմբակցութիւն ունեցող կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքի միջեւ:

Այդ պաշտօնները բաշխուած են հետեւեալ համեմատութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն (ՀՀԿ)՝ 884-ական, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն (ԲՀԿ)՝ 619-ական,   Հայ Ազգային Գոնկրէս կուսակցութիւններու դաշինք (ՀԱԿ)՝ 155ական, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (ՀՅԴ)՝ 110ական, «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւն (ՕԵԿ)՝ 110ական, «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն՝ 110ական:

Նշենք, որ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար դեսպան Հէյտի Տալեավինի տեղեկացուցած է, որ մօտիկ ապագային Հայաստան պիտի գան ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան խումբին մաս կազմող երկարաժամկէտ դիտորդները, ու դիտորդական առաքելութիւնը պիտի սկսի աշխատիլ ամբողջական ծաւալով:
Կը նախատեսուի, որ ընտրութիւններուն հետեւին 24 երկարաժամկէտ եւ շուրջ 250 կարճաժամկէտ դիտորդներ: