Հայ ժողովուրդի ինքնատիպ մշակոյթի լաւագոյն դրսեւորումներ համարուող գորգերը Յունուար 15-ին ներկայացուեցան Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ:

«Հայկական գորգարուեստ՝ XVII մինչեւ XIX դ.» խորագիրը կրող մշտական ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուեցան Հայաստանի ամենատարբեր շրջաններու մէջ գործուած 45 գորգեր:

«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը եւ ուրիշներ: Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անելկա Գրիգորեանը տեղեկացուց, որ ներկայացուած 45 գորգերէն 10-ն առաջին անգամ կը ցուցադրուէին: Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ ընդհանուր առմամբ կը պահուի 2500 գորգ:

Անդրադառնալով հայկական գորգերու առանձնայատկութիւններուն՝ Անելկա Գրիգորեանը ըսաւ, որ հայկական գորգին յատուկ յատկանիշը յատկապէս գոյնի զանազանութիւնն է: Հայկական գորգը աւանդապահ է: «Ներկայացուած են գորգի զարդարման ողջ բազմազանութիւնը. երկրաչափական, բուսական, զարդապատկերներու փոփոխական ընթացքը՝ շեշտելով ոչ միայն դեկորատիւ նշանակութիւնը, այլեւ՝ դրանցում գաղտնագրուած խորհրդանշական իմաստները»,- նշեց Անելկա Գրիգորեանը:

Ամենահին հայկական գորգերը կուգան Վասպուրականէն, Սիւնիքէն, Վանէն: Հնագիտական, ազգագրական նիւթերը, պատմական ու գիտական այլ իրողութիւններ կը վկայեն, որ գործուածքներու եւ գորգերու արտադրութեան ակունքները Հայաստանի մէջ կը հասնին հազարամեակներու խորքերը:

Հայկական գորգերը զարդագիր «գրութիւններ» են, որոնց մէջ ի պահ տրուած են մեր նախնիներու՝ հնագոյն պատկերացումները, պաշտամունքը, կրօնը:

ՀՀ նախագահը նաեւ դիտել տուած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած Հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած «Նոր Ջուղա. Հայոց տպագրութեան օրրան» ցուցադրութիւնը, որը կþընդգրկէ բացառիկ բնօրինակներ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանի ու Մատենադարանի հաւաքածոներէն: Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են՝ ձեռագիր մատեաններ, Նոր Ջուղայի տպարանին մէջ տպագրուած առաջին գիրքերը, Մատրասի, Կալկաթայի մէջ հրատարակուած հնատիպ նմուշներ, Մատրասի մէջ 1794 թ. հրատարակուած հայերէն առաջին պարբերականը՝ «Ազդարար», Նոր Ջուղայի հոգեւոր մշակոյթին ու կենցաղին բնորոշ նմուշներ։