Պաքու  Կ՛արտօնէ  Ստեփանակերտի  Օդակայանը Օգտագործող  Օդանաւերու  Զգետնումը

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը   անցնող շաբաթավերջին վաւերացուց «Ատրպէյճանի օդային տարածքի օգտագործման օրէնք»-ի փոփոխութեան ենթարկուած տարբերակը,

որ արտօնութիւն կու տայ զինուորական ուժերուն զգետնելու «արգիլեալ գօտի»ներէն ներս թռիչք կատարող այն օդանաւերը, որոնք կը մերժեն անմիջապէս վայրէջք կատարելու կամ նշեալ գօտիէն հեռանալու հրահանգը, «եթէ յստակ տեղեկութիւն չկայ այն մասին, որ օդանաւին մէջ անմեղ քաղաքացիներ կան»: Ատրպէյճան նման գօտի մը կը նկատէ Արցախը, իսկ նոր օրէնքին գլխաւոր թիրախն է Ստեփանակերտի օդակայանը:
Հակադարձելով այս օրէնքի վաւերացման՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը յայտարարեց, որ Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը պատրաստ են երաշխաւորելու Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը:
Անդրադառնալով Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման առնչութեամբ ազրպէյճանական կողմէն շարունակուող սպառնալիքներուն՝ Օհանեան ըսաւ. «Ստեփանակերտի օդակայանէն առաջին թռիչքի իրականացման ընթացքին, Հայաստանի զինեալ ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան եւ օդային ուժերը պիտի ապահովեն քաղաքացիական ինքնաթիռի գործողութիւնը եւ թռիչքը»:
Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ 2008-ին սկսաւ նոր ու գլխաւոր մասնաշէնքի կառուցումը. այս միջոցին լայնցուած է նաեւ էջուղին եւ հարթեցուած են անոր յարակից քանի մը բլուրներու գագաթները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ժամանակակից օդանաւերու ընդունումը:
Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման օրերէն իսկ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան հարուածել զայն օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը: Սպառնալիքները կը շարունակուին, հակառակ միջազգային հանրութեան կողմէ հնչած դատապարտումներուն:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼՈՒ ՕԴԱՆԱՒԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ

Հակադարձելով այս օրէնքի վաւերացման՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը յայտարարեց, որ Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը պատրաստ են երաշխաւորելու Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը: