Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունած է որոշում մը, որով՝ «Քաղաքացիութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ պիտի  կատարուին:

Այսպէս նախատեսուած է թէ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմած անձերու գործերուն քննարկման համար նախապէս ի զօրու եղող մէկ տարուայ պայմանաժամը պիտի կըրճատուի՝ վեց ամսուան ժամանակամիջոցի սահմանափակուելով։

Կառավարութեան նիստին, ՀՀ փոխ ոստիկանապետ Արթուր Օսիկեան ըսած է, որ նշեալ որոշումը նպատակ ունի դիւրացնելու քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը։ Ատկէ զատ,  կառավարութիւնը համաձայնած է արտօնել  առանց այցագրի մուտքը Հայաստան, այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն որոնք ՀՀ նախագահին կողմէ իրաւունք ստացած են դառնալու ՀՀ քաղաքացիներ, սակայն տակաւին չունին քաղաքացիութիւնը հաստատող պաշտօնական  փաստաթուղթ՝ անձնագիր։