Զբօսաշրջային եւ օդանաւային նորանոր համաձայնութիւններու առումով կը նախատեսուի, որ 2013ը բարեբեր եւ արդիւնաւէտ տարի մը ըլլայ։
Ուքրանիոյ միջազգային օդանաւային ընկերութեան (UIA) կողմէ այս տարուան գարնան կը նախատեսուի Քիեւի միջոցով շաբաթական 4 անգամ Երեւան-Ամսթըրտամ-Երեւան թռիչքներ կազմակերպել՝ գոհացում տալու համար զբօսաշըրջային աճող հոսքին: Կը նախատեսուի, որ երկկողմանի ուղեւորութեան տոմսին արժէքը շուրջ 370 եւրոյի համարժէք դրամ ըլլայ: Զբօսաշրջային խումբերուն համար պիտի ճշդուին յատուկ գիներ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը՝ տեղական զբօսաշրջային ընկերութիւններուն հետ համագործակցաբար 8-13 Յունուարին Հայաստանը պիտի ներկայացընէ Հոլանտայի Ութրեխթ քաղաքի «Vakantiebeurs - 2013» միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին, ուր մասնակցութիւն պիտի բերեն զբօսաշըրջային ոլորտի շուրջ 1400 ներկայացուցիչներ:
Հոլանտա դարձած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան խթանման թիրախային կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը: