Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով  հայկական կողմի դիրքորոշումը հիմնուած է միջազգայնօրէն ընդունուած երեք սկզբունքներու վրայ. անոնք են՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառումը, ազգերու ինքնորոշումը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահը մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ
Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ

Յունուար 9-ին Պելճիքայի Սենատի նախագահ Սապին տը Պէթիւնի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անտրէ  Ֆլաոյի հետ հանդիպման ժամանակ այս յայտարարութիւնը ըրաւ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը: «Ատրպէյճանը շարունակաբար կը խոչընդոտէ այս գործընթացին՝ կառուցելով իր քաղաքականութիւնը միայն մէկ՝ տարածքային ամբողջականութեան սկըզբունքի վրայ»,- ըսաւ ան: ԱԺ նախագահի գնահատմամբ՝ այս մօտեցմամբ հնարաւոր չէ խօսիլ փոխ զիջումներու մասին:
Յովիկ Աբրահամեանը նշեց նաեւ, որ Ատրպէյճանը, խեղաթիւրելով հակամարտութեան էութիւնն ու հետեւանքներու բուն պատճառները, նաեւ քայլեր  կը ձեռնարկէ հակամարտութեան կարգաւորման մէջ ներքաշելու այլ միջազգային կազմակերպութիւններ՝ փորձելով խոչընդոտել բանակցային գործընթացը եւ հետապնդելով քարոզչական նպատակներ, ինչ որ  միանգամայն անընդունելի է:
Պրիւքսելի մէջ կայացաւ նաեւ Յովիկ Աբրահամեանի հանդիպումը Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ: «Հայաստանի եւ ԵՄի միջեւ առեւտրային կապերու զարգացումը լաւագոյն միջոցն է նաեւ առկայ հակամարտութիւնները կարգաւորելու համար, դիտել տուաւ Մարթին Շուլց: Ան իր լիակատար գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծումը բացառապէս խաղաղ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս լուծելու յանձնառութեան կապակցութեամբ:
Երէկուան մեր թիւով կը հաղորդէինք նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի ներկայութեան մասին՝ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ստեղծման արարողութեան, որ կազմակերպուեցաւ Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը, ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանը, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանը եւ ԱԺ պատգամաւորներ :