Արտահերթ նիստ մը կայացաւ երէկ ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին մօտ, օրակարգի նիւթ ունենալով Փետրուար 18-ի ընտրութիւններուն որպէս հանրապետութեան նախագահի թեկնածու արձանագրուելու համար ներկայացուած փաստաթուղթերու քննարկումը։ Նախագահի պաշտօնի որոշ թեկնածուներու մօտ փաստաթուղթերէն կը

բացակայէր  անհրաժեշտ 8 միլիոն դրամի ընտրագրաւի անդորագիրը։
Յանձնաժողովը առանձնաբար որոշումներ կայացուց եւ թեկնածուներուն 48 ժամ ժամանակ տուաւ անդորագիրը ներկայացնելու համար։
Նոյն այս արտահերթ նիտսը առիթ հանդիսացաւ որոշ թեկնածուներու համար, իրենց սեփական դիրքորոշումները հրապարակելու՝ Սահմանադրութեան եւ Ընտրական օրէնսգիրքի հետ կապուած։ Յատկապէս քննարկուեցաւ Սահմանադրութեան այդ բաժինը ըստ որու, ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի իրաւունք ունի ընտրելու եւ ընտրուելու, բայց նախատեսուած է 8 միլիոն դրամի ընտրագրաւ:
ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը ստիպուած եղած է պարբերաբար ընդհատելու թեկնածուներու ելոյթները եւ անոնց վերաբերեալ որոշումները քուէարկութեան դնելու: Ան լայն բացատրութիւններ տուած է յետոյ մամլոյ ներկայացուցիչներուն:

ՀՅԴ-ն  Մօտիկ  Ապագային Պիտի  Յստակացնէ  Իր  Դիրքորոշումը Նախագահական  Ընտրութեան  Գծով

Ինչպէս ծանօթ է ՀՅԴ յայտարարած է սեփական թեկնածու չառաջադրելու մասին իր որոշումը՝ նշելով սակայն, որ ընտրական հոլովոյթներէն մէկ կողմ պիտի չքաշուի: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը պիտի հետեւի նախընտրական հոլովոյթներուն՝ կողմնորոշելու համար Դաշնակցութեան կազմակերպչական կառոյցը եւ համակիրները:
Այժմ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը նշեց, որ Դաշնակցութիւնը մօտ ապագային քննարկումներ կրնայ կազմակերպել որոշ թեկնածուներու հետ, սակայն ժամկէտի վերաբերեալ առայժմ ոչինչ յայտնի է: Ըստ Համբարձումեանի, քննարկումներուն ընթացքին, Դաշնակցութեան դիրքորոշումը յստակացնելու առումով, ոչ միայն Դաշնակցութեան հրապարակած 7 կէտերը ուղենիշ պիտի հանդիսանան, այլեւ թեկնածուներու նախընտրական ծրագիրները, թեկնածուներու տեսակէտները այլ հարցերու շուրջ: Այս բոլորէն ետք Դաշնակցութիւնը որոշում պիտի տայ, եթէ պիտի սատարէ ոեւէ թեկնածուի, թէ՞ ոչ: