ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ

յառաջընթացի բացակայութիւնը կարելի է, ընդհանուր առմամբ, նահանջ նկատել, թէեւ 2012ին փաստացի տուեալներով նահանջ չէ արձանագրուած։ Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի բացակայութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանը, որ ազատ արձակեց մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը: «Ստեղծուած իրավիճակում սխալ է յայտարարել, որ ժամանակն աշխատում է հայկական կողմի օգտին: Հայկական կողմը պէտք է ռացիոնալ օգտագործի ժամանակը, ամրապնդելով այն, ինչին հասել է 20 տարի առաջ: Սակայն այդ ուղղութեամբ շատ քիչ բան է արւում: Միւս կողմից, անհրաժեշտ է նպատակաուղղուած աշխատել տարբեր մակարդակներում Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, որպէսզի Ադրբեջանը գիտակցի իր համար բանակցային գործընթացի դրական արդիւնքի ոչ իրական լինելը», նշած է Մանոյեան: 2012ին, ըստ անոր, աշխոյժ էին այս երկու ուղղութիւնները, եւ արձանագրուած են դրական տեղաշարժներ: Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործընթացին վերաբերող 2013ի հեռանկարներուն անդրադառնալով՝ Մանոյեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն պատճառով կարելի չէ արմատական փոփոխութիւններ ակնկալել։