«Նիուզ» կը հաղորդէ թէ 2012 թուականի Յունուարէն մինչեւ 1 Դեկտեմբեր ապաստան ստանալու խնդրանքով Հայաստանին դիմած է 434 օտար՝ աշխարհի 10 երկիրներէ:

Այս տեղեկութիւնները փոխանցած է կառավարութեան Պետական գաղթականութեան ծառայութեան ապաստանի հարցերով բաժինի ղեկավար Պետրոս Աղաբաբեանը: Անոր համաձայն, 434 օտարներէն ապաստան ստացած են 117 անձեր: 434 օտարներէն 10ն Իրանէն են, 28ը՝ Իրաքէն, 5ը՝ Քոնկոյէն, 9ը՝ Լիպիայէն, 366ը՝ Սուրիայէն, իսկ 16ը՝ այլ երկիրներէ: Ապաստան տրամադրուած է Իրաքի 15 եւ Սուրիոյ 102 քաղաքացիներու: Աղաբաբեանը նաեւ նշած է, որ ապաստան տրամադրելու որոշումը տրուած է Պետական գաղթականութեան ծառայութիւն դիմելու թուականին յաջորդած 3 ամիսներուն ընթացքին։