Պաշտօնական վերջին տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ կը բնակի 1274 յոյն, սակայն յունական համայնքի տեղեկութիւններով՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակութիւն հաստատած են շուրջ 4 հազար յոյներ: Վերջին այս տուեալներու մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ յունական հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան ղեկավար Արկադի Խիտարովը: Անոր համաձայն, յունական հասարակական կազմակերպութիւններէն երեքը իրենց գործունէութիւնը ծաւալած են Երեւանի մէջ, մնացեալները՝ Գիւմրիի, Վանաձորի, Հրազդանի, Ալաւերտիի, Ստեփանաւանի եւ Նոյեմբերեանի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է յոյներ նաեւ կը բնակին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մեհմանա գիւղին մէջ, բայց ոչ շատ մեծ թիւով: Յոյներու կողմէ խիտ կերպով բնակեցուած վայրերուն մէջ, բացի Հրազդանէն, Խիթարովի համաձայն, գոյութիւն ունին կիրակնօրեայ դպրոցներ, ուր երեխաները կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն: Ուսուցիչները կը պատրաստուին Յունաստանի մէջ, իսկ դասագիրքերը կը տրամադրէ Յունաստանի կառավարութիւնը, կրթութեան եւ կրօնքի նախարարութեան միջոցաւ: Երեւանի մէջ գոյութիւն ունի յունական երկու գործող համոյթ: Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին համայնքի անդամներուն ցուցաբերած աշխուժութեան մասին խօսելով՝ Խիթարով յիշեցուցած է, որ անիկա ունի խորհրդարանական ներկայացուցիչ, եւ համայնքը միշտ կ՛աջակցի անոր։
4.000 յոյն կը բնակի Հայաստանի մէջ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ