«2012 թուականին եւս, դրացի պետութիւնը չյաջողեցաւ ձերբազատուիլ մեր պաշտպանութեան մէջ չեղած թոյլ կէտերու ապարդիւն որոնումներուն տրուելու գայթակղութենէն», յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կերդոնատեղիին մէջ Դեկտեմբեր 28-ին տեղի ունեցաւ նախարարին կից անձնակազմի նիստ, որուն ընթացքին
ամփոփուեցան 2012 թուականի մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստութեան, զօրքերու ու շտապերու գործնական եւ մարտական պատաստութեան արդիւնքները եւ նախանշուեցաւ 2013 թուականի ուսումնական տարուան խնդիրները:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցնող տարուան մէջ սահմանի շարունակական ամրապնդման, մարտական հերթապահութեան կատարելագործման ուղղուած քայլերուն, 2012 թուականի գարնանային եւ աշնանային զօրակոչերու ընթացքում արձաբագրուած յառաջընթացին:
«Բոլորս կը յիշենք ամրան սկիզբը Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ ձեռնարկուած ամէնէն իսկական արկածախնդրութիւնը եւ այն արժանի հակահարուածը, որ իսկոյն ստացաւ», իր ամանորեան ուղերձին մէջ նշեց պաշտպանութեան նախարարը: Ան շարունակեց ըսելով, որ հասկանալի է, թէ երբ Ատրպէյճանի պետութեան իշխանութիւնները հայատեացութիւնը կը դարձնեն ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան անկիւնաքար, երբ կը հերոսացնեն մարդասպանը, նմանօրինակ սադրանքներ յառաջիկային եւս կ՛ըլլան: «Ատիկա մեզի կը պարտաւորեցնէ աւելի զգօն ու մարտունակ ըլլալ, վստահօրէն պահպանելու համար Հայաստանի ու Արցախի ապահովութիւնը», ընդգծեց Օհանեան:
Անցնող տարուան աշխատանքներու շարքին նախարարը առանձնացուց ՀՀ տարածքին տեղի ունեցած երեք խոշոր զօրավարժութիւնները՝ ռազմավարական հրամանատարական շտապային զօրավարժութեան Յուլիս ամսուն տեղի ունեցած ռազմաքաղաքական փուլը, Սեպտեմբերին իրականացուած ՀԱՊԿ արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու կիրառմամբ «Փոխգործակցութիւն-2012» զօրավարժութիւնը, Հոկտեմբերին ռազմավարական հրամանատարական շտապային զօրավարժութիւններու՝ զինուած ուժերու կիրառման փուլը եւ անոր ծիրէն ներս իրականացուած մարտավարական զօրավարժութիւնները:
Հրամանատարական սպայական զօրավարժութեան ռազմաքաղաքական փուլը յատկապէս կարեւոր համարուած է համաժողովրդական բանակ գաղափարի ձեւաւորման առումով: Այդ զօրավարժութեան մասնակցած են պետական բոլոր կառոյցները եւ գերատեսչութիւնները: Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ զօրքերու մարտական պատրաստութեան բարձրացման ուղղուած մեթոտական զօրավարժութիւնները, հաւաքները: Բոլոր այս միջոցառումները տեղի ունեցած են բարձր մակարդակով եւ մեծ դեր կատարած են գործնական ունակութիւններու ու հմտութիւններու կատարելագործման առումով:
«Մեր ունեցած մեծագոյն նուէրն ու ձեռքբերումը յաղթական խաղաղութիւնն է, որ մենք չենք խնդրած, մեզի ոչ ոք տուած է, եւ մենք ոչ մէկէն ստացած ենք: Ատիկա Հայաստանի ու Արցախի համար նուաճած է ու կը պահպանէ հայկական բանակը:
Պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան վերջերս վերստին վստահեցուց, որ Արցախի նկատմամբ որեւէ ոտնձգութեան պարագային վերջինիս թիկունքին պիտի կանգնին ամբողջ Հայաստանն ու հայութիւնը եւ պիտի դիմեն բոլոր միջոցներուն: