Դեկտեմբեր 24-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ամփոփեց 2012 թ. ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը: Նախարարի խօսքով՝  կարելի է արձանագրել, որ նկատելի կը դառնան սկսած ծրագիրներու

արդիւնքները, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը կը տեղափոխուի նոր մակարդակ, Սփիւռքը աւելի  համախմբուած է Հայրենիքի շուրջ, եւ երթալով կþաւելնայ մեր մրցակցային առաւելութիւնը:

Հայաստանի կայունութիւնը, զարգացման միտումները, երկրի միջազգային վարկի բարձրացումը կը նպաստեն Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացմանը ըսած է ՀՀ սփիւռքի նախարարուհին, աւելցնելով թէ սփիւռքահայերը կը ձգտին դէպի Հայրենիք, առաւել հայաստանակեդրոն կը դառնան: ՀՀ նախարարը հաստատած է թէ համագործակցութիւնը կը շարունակէ զօրաւոր  կերպով զարգանալ՝ յենուելով նոր գործիքներու, կառուցակարգերու եւ վստահութեան ամրապնդման վրայ:
2012թ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները իրականացնելու հիմք  ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան  2012թ ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած գերակայ խնդիրները:  Իրականացուած են մեծածաւալ եւ բազմաբնոյթ միջոցառումներ, ինչպիսին էին համահայկական մասնագիտական համաժողովները, «Իմ Հայաստան» փառատօնը,  «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, «Արի տուն 2012» ծրագիրը,  հետազօտութիւններու իրականացումը եւ այլն, սակայն ընթացիկ տարուան մէջ նախարարութեան առանձնայատուկ ուշադրութեան կեդրոնին  եղած են յատկապէս սուրիահայերու հիմնախնդիրները:  
Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան արդիւնաւէտութեան հարցին նախարարը կարեւորեց երկքաղաքացիութեան որոշման կայացումը, առաւել մեծ թիւով սփիւռքահայերու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան ստացումը: Նախարարը եւս մէկ անգամ ընդգծեց Հայկական լոպիի գործօնը համահայկական նշանակութեան երկու հիմնահարցերու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի  խաղաղ կարգաւորման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին:
Նախարար Հ. Յակոբեան, 2012 թուականի ձեռքբերումները մատնանշելով, կարեւորեց Սփիւռքի մէջ գործող համահայկական կազմակերպութիւններու, աշխարհի 100 երկիրներու հայ համայնքներուն մէջ գործող 30.000 կառոյցներու վստահութիւնն ու փոխգործակցութիւնը. այսօր բոլոր համահայկական կառոյցները իրենց ծրագիրները կþիրականացնեն համագործակցելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:
Այնուհետեւ նախարարը նախանշեց  2013 թուականի ընելիքները: Հաշուի առնելով միտումը, որ բազմաթիւ այլադաւան հայեր կը մկրտուին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ‘ պիտի շարունակուին անոնց հետ տարուող աշխատանքները: Նոր թափ պիտի ստանայ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու ընդելուզման, հիմնախնդիրներու լուծմանը ուղղուած, ինչպէս նաեւ իրաքահայերու ընդելուզման աշխատանքները:  Յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ դարձեալ ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան մասնագիտական ընկերակցութիւններու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ‘ «Հայերը առանց  ծխախոտի» նոր ծրագիրը‘ «Գրանդ Տոբակօ»ի հետ: 2013 թուականին պիտի կազմակերպուի երիտասարդներու համահայկական համաժողովը‘ նուիրուած Մայրենիի պահպանմանը:
Պիտի ընդլայնուի համագործակցութիւնը, պիտի աւելնան համատեղ ծրագիրներ համահայկական կառոյցներու հետ: Պիտի շարունակուի մասնագիտական միութիւններու ընդլայնումը եւ նորերու ստեղծումը: