Սուրիահայ մանուկներուն համար տարեվերջին պիտի կազմակերպուին տարեմուտի հանդէսներ եւ անոնց պիտի տրուին ամանորեան նուէրներ:
Սուրիահայերուն օգնելու նպատակով ստեղծուած «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ տարբեր բարերարներէ, անհատներէ եւ կազմակերպութիւններէ նուիրուած է 41 միլիոն դրամ, 750 հազար ռուսական ռուբլի եւ շուրջ 31 միլիոն դրամի սննդամթերք: Նախաձեռնութիւնը այս պահուն նպատակայարմար կը գտնէ գումարով օգնել սուրիահայերուն:
ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան աշխատանքներուն մասին խօսելով՝ յայտնած է, թէ նկատի ունենալով այն, որ Սուրիա օդանաւով պարէնամթերք եւ դեղորայք ուղարկելը բաւական սուղ է, հոն գտնուող հայորդիներուն դրամ պիտի տրամադրուի։
«Ամենամեծ եւ մեզ համար անսպասելի պահանջը վերմակներն էին՝ պարզ վերմակները, որովհետեւ ձմեռ է, ցուրտ է, եւ մարդիկ ծածկուելու կարիք ունեն: Մենք ստիպուած եղանք պատուիրել հարիւրաւոր վերմակներ: Բացի դրանից, ի հարկէ, պարէնամթերքի մատակարարումը նոյնպէս շարունակւում է: Դա անընդհատ կատարւում է Դաշնակցութեան երիտասարդական կեդրոնից», նաեւ 13-20 կիլոգրամ կշռող պարէնային արկղներ արդէն ստացած են Հայաստան բնակող մօտ 600 սուրիահայ ընտանիքներ: