Եւրոպացի երեք արտաքին գործոց նախարարներու այցելութիւնը Հայաստան կարեւոր է՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորացման գործին մէջ Եւրոպական Միութեան շահագրգիռ անդամ երկիրներու ներգրաւուածութեան եւ աջակցութեան առումով

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ռատոսլաւ Սիքորսքին, Քարլ Պիլտթը եւ Նիքոլայ Մլատենովը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները: Ըստ կողմերուն, այդ  յարաբերութիւնները կը զարգանան աշխուժօրէն եւ տեղափոխուած են որակապէս նոր բեմ: Նշուեցաւ, որ Հայաստան լաւ յառաջընթաց արձանագրած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ, յաջողութեամբ կ՛ընթանան նաեւ խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման ուղղութեամբ բանակցութիւնները:
Զրուցակիցները անդրադարձան շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց եւրոպական երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները:
Ողջունելով հիւրերը՝  նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ հետ ունի աւանդական բազմադարեան բարեկամական յարաբերութիւններ, իսկ ներկայիս գոյութիւն ունի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ բազմակողմանի ձեւաչափերուն մէջ: Նախարարը կարեւոր նկատեց փոխադարձ գործակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակ- ցութեան ծաւալուն օրակարգին եւ արձանագրուեցաւ, որ շարք մը ուղղութիւններով կայ բաւական լաւ յառաջընթաց եւ վերահաստատուեցաւ նպատակադրուածութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ խորացնելու եւ զարգացնելու փոխադարձ գործակցութիւնը:
Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին միացեալ ջանքերու գործադրումը մինչեւ նոյեմբեր 2013 Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Ընկերակցութեան համաձայնագիրի՝  ներառեալ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի վերաբերեալ բանակցութիւնները աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութեան հետ յաջողութեամբ աւարտեցան մուտքի այցեգիրներու դիւրացման շուրջ համաձայնագիրի բանակցութիւնները եւ արդէն այսօր  կը նախատեսուի ատիկա ստորագրել:
ՀՀ նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստան հաստատակամ է շարունակել եւրոպական չափանիշերուն համապատասխան լայնածաւալ բարեփոխումներու իրականացումը:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէին շարք մը միջազգային եւ շրջանային խնդիրներ: Մասնաւորաբար միտքեր փոխանակուեցան Սուրիոյ մէջ ներկայ իրավիճակին եւ սուրիահայութեան խնդիրներուն շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան գործընկերներուն ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլո- վոյթին վերջին զարգացումները եւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը:
Նախարար Նալբանդեան Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին՝  պատասխանելով news.am գործակալութեան այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ այն, որ Տուպլինի մէջ հանդիպումէն ետք ատրպէյճանական կողմը կատարած է յայտարարութիւն մը՝  մեղադրելով Հայաստանը, որ հնգակողմանի յայտարարութիւնը չընդունուեցաւ հայկական կողմին պատճառով, յայտնեց, որ ինք կ՛առաջարկէ համեմատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն խօսքերը Տուպլինի մէջ եւ տեսնել, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը համահունչ է եռանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յայտարարութեան:
«Իսկ ի՞նչ է Ատրպէյճանի նախարարի կատարածը: Իրենք կ՛ըսեն, իրենք՝ կը լսեն: Ես նշեմ, որ ատիկա առաջին անգամը չէ, որ հնգակողմանի յայտարարութիւնը չյաջողեցաւ: Օրինակներէն մէկը՝  Ալմաթայի մէջ Յուլիս 2010-ին հնգակողմանի յայտարարութիւն կը պատրաստուէր, բայց Ատրպէյճան կը պնդէր տարածքային ամբողջականութեան սկըզբունքի կարեւորութեան գերակայութեան վրայ՝ այլ սկզբունքներուն հետ համեմատած: Հարցը աւարտեցաւ անով, որ չեղաւ հնգակողմանի յայտարարութիւն, բայց եղաւ եռակողմանի յայտարարութիւն, ուր եռանախագահները նշեցին, որ բոլոր սկըզբունքները եւ կէտերը, որոնք առաջարկուած էին եռանախագահներուն կողմէ, մէկ ամբողջութիւն են, եւ կարելի չէ բաժնել մէկը միւսէն եւ որեւէ սկզբունք, որեւէ կէտ չի կրնար գերակայութիւն ունենալ միւսներուն նկատմամբ:
«Այս անգամ ատրպէյճանցիները չես գիտեր ինչու, չուզեցին, որ երեք յայտնի սկզբունքները՝ ուժ եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկել, ինքնորոշում եւ տարածքային ամբողջականութիւն, նոյնիսկ յիշատակուին: Ինչի՞ հասան: Հնգակողմանի յայտարարութիւն չկատարուեցաւ, բայց եղաւ եռակողմանի յայտարարութիւն, ուր եռանախագահները ընդգծեցին այս երեք սկզբունքները: Աւելին ըսեմ, Տուպլինի մէջ եռանախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը ողջունելի է Հայաստանի կողմէ եւ մենք կրնանք նոյն յայտարարութիւնը ընել»: