11 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Ճորճ Լին խօսած է Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ մեկնիլ փափաքող հայաստանցիներու եւ անոնց տրուած առիթներուն մասին։

«Փանորամա» կը յայտնէ թէ ան նշած է, որ ամէն տարի «Կրին քարտ»ով Հայաստանէն ԱՄՆ կը մեկնի շուրջ 2 հազար քաղաքացի: Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ «Կրին քարտ»ի խաղարկութիւնը դադարեցնելու մասին օրէնսդրական նախաձեռնութեան՝ հիւպատոսը նշած է, որ ատիկա դեռ ընդունուած օրէնք չէ, նախագիծը պէտք է նաեւ Ծերակոյտին ներկայացուի, իսկ գործընթացը կրնայ շատ երկար տեւել: Ան ըսած է, որ 10 տարի առաջուան հետ բաղդատելով՝ Միացեալ Նահանգներ մեկնող հայերուն թիւը նուազած է, նաեւ նուազած է մուտքի արտօնագիրի համար դիմողներուն թիւը։
Մուտքի արտօնագիր ստանալու համար դիմողներուն քանակի վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներ չունենալով՝ հիւպատոսը նշած է, որ շաբաթական երեք օր հարցազրոյցներ կը կատարուին եւ նման օրերուն մէկ օրուան ընթացքին 70 դիմում կը ներկայացուի:
Հիւպատոսը դիտել տուած է, որ «Կրին քարտ» տրամադրելու կամ չտրամադրելու նպատակով Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցմունք կամ խնդրանք ներկայացնելու գծով ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի. ան կը պատասխանէր լրագրողին այն հարցումին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները արդեօք Հայաստանէն արտագաղթը նուազեցնելու նպատակով դիմում ներկայացուցա՞ծ են դեսպանատան։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Հոկտեմբերի աւարտին արտագաղթի վերաբերեալ բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան, կապուած յատկապէս Ռուսիոյ «հայրենակիցների վերադարձի» ծրագիրին։ Այս մէկը տեղի ունեցաւ այն յայտարարութենէն ետք, զոր կատարեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վեաչեսլաւ Կովալենկոն, որ նշեց, թէ հայերուն Ռուսիա մեկնելու մասին խօսելէ առաջ պէտք է խօսիլ «Կրին քարտ»ի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիմաց մարդոց կազմած շարքերուն մասին։
Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ նման գործունէութիւնը փափաքելի չէ. ատկէ ետք այս կառոյցը կասեցուց իր աշխատանքը։
Արձագանգելով Ռուսիոյ դեսպանին յայտարարութեան՝ հիւպատոսը ընդգծած է, թէ առաջին տարին չէ, որ «Կրին քարտ»ի խաղ կը կազմակերպուի եւ միայն Հայաստանի մէջ տեղի չունենար անիկա, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արտօնութիւններ չեն տրուիր Միացեալ Նահանգներ երթալու։
Ճ. Լին տեղեկացուցած է նաեւ, որ 17 Դեկտեմբերին պիտի սկսի գործադրուելու ԱՄՆ մուտքի արտօնագիրներու  նոր ընթացակարգ: