Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած հիւպատոսներու համար Դեկտեմբեր 11-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ կազմակերպուեցաւ
«Մարդկանց շահագործման (թրաֆիքինգի) դէմ պայքարը Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ միջազգային համագործակցութիւնը» խորագրով համաժողով: Մասնակցեցան մօտ 30 երկիրներու հիւպատոսներ ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայացուեցան առկայ օրէնսդրական դաշտը, ՀՀ իրաւապահ մարմիններու կողմէ թրաֆիքինգի դէմ պայքարի կազմակերպման վերաբերող հարցեր: