Երեւանի Մէջ Այսօր Տեղի Կ'ունենայ Մօտ 80 Ամուսնութիւն

Այսօր վերջին հնարաւորութիւնն է «ոսկեայ» ամսաթիւին ամուսնանալու եւ ամուսնութեան վկայականին մէջ «ոսկեայ» ամսաթիւ մը արձանագրուած ունենալու համար:

Այս վերջին «առիթ»-ը օգտագործելու ձգտումը հայ ամուսնացող զոյգերը ստիպած է դեռ ամիսներ առաջ դիմելու քաղաքացիական կացութեան  ստորաբաժանմումներ, որպէսզի յանկարծ ետ չմնան 12.12.12-ին ամուսնութիւնը արձանագրելու հնարաւորութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ News.am, որ հարցում կատարելով  Երեւանի ՔԿԱԳ-ներու (պետական ամուսնութեան կեդրոն կամ տեղական արտայայտութեամբ ԶԱԳՍ) բոլոր ստորաբաժանումներուն մօտ՝ պարզած է, որ եթէ սովորական օրերուն ամուսնանալու ցանկութիւն ունեցող կ’ըլլայ 2-4 զոյգ,  «ոսկեայ» թիւերուն, ինչպէս օրինակ՝ 07.07.07, 10.10.10, 11.11.11, 12.12.12 դիմող զոյգերուն թիւը անհամեմատօրէն կ’աւելնայ:
Այսպիսով, այսօր միայն Երեւանի մէջ՝ ՔԿԱԳ-երու ստորաբաժանումները պիտի արձանագրեն  76 ամուսնութիւն, բայց յայտնի է թէ կարգ մը այլ հարսանիքներ եւս  պիտի ըլլան առանց արձանագրութեան:
ՔԿԱԳ-երու աշխատակիցները փաստած են, որ 12.12.12-ին ամուսնութիւնը արձանագրելու համար զոյգերը դիմած են ամիսներ առաջ: «Ոսկեայ» թիւերուն ամուսնացողները, ՔԿԱԳ աշխատակիցներու գնահատմամբ, «շփացած ջահէլներն են»՝ 23-35 տարեկան:
Հոգեբան Սամուէլ Խուտոյեան յայտնած է, որ «ոսկեայ» թիւերուն ամուսնանալը միայն հայկական երեւոյթ չէ, անիկա տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Հոգեբանը ըսած է, թէ «ոսկեայ» թիւերուն ամուսնանալու մէջ տարբեր մարդիկ տարբեր իմաստ կը դնեն, բայց հիմնականը հետագային ամուսնութեան տարեթիւը  յիշելու, գեղեցիկ թիւ ընտրած ըլլալու խնդիրն է: Հոգեբանի խօսքով՝ մարդկային էակները կը սիրեն «սիմեթրիք» ձեւաչափեր փնտռել իրենց կեանքին մէջ: Ան դիտել կուտայ թէ ճոխ հարսանիքներ ընողները աւելի յաճախ կ’ամուսնալուծուին, ուստի կոչ կ’ուղղէ «ոսկեայ բախտ»-ը «ոսկեայ թիւեր»-ու կամ արտաքին այլ գեղեցկութիւններու մէջ չփնտռելու...