ՀՀ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը Դեկտեմբեր 5-ին ընդունեց Հայաստանի մօտ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան Իոաննիս Տայիսը:


Ողջունելով դեսպանի ներկայութիւնը՝ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորեց զայն իր  պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ համոզում յայտնեց, որ իր գործունէութեան շնորհիւ դեռ աւելի պիտի ամրապնդուին հայ-յունական երկկողմ յարաբերութիւնները: Իր խօսքերուն համաձայն՝ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ հաստատուած աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները կարեւոր գրաւական են տարբեր բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ խորացման համար: Յովիկ Աբրահամեանը նշած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ Յունաստանի հետ յարաբերութիւններու բազմակողմ զարգացումը եւ գոհունակութեամբ կը հաստատէ թէ Յունաստանի հետ քաղաքական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին: Այս ծիրէն ներս ան բարձր  գնահատեց հայ-յունական միջ-խորհրդարանական համագործակցութեան խորացումը, փոխ-այցելութիւնները, բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը: ԱԺ նախագահը վերահաստատեց Յունաստանի խորհրդարանի նախագահի Հայաստան պաշտօնական այցելութիւն կատարելու իր հրաւէրը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ դեսպանը նշեց, որ Յունաստանը եւ Հայաստանը աւանդական բարեկամ երկիրներ են եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը կուգայ դարերու խորքէն: Դեսպանը ընդգծեց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին  հնարաւոր բոլոր քայլերուն կը դիմէ՝  հայ-յունական յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ:
Պարոն Տայիսը նոյնպէս կարեւորեց միջ-խորհրդարանական համագործակցութեան հետագայ զարգացումը, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Յունաստանի դեսպան Իոանիս Տաղիս այցելեց
Գարեգին Բ. կաթողիկոսին

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Դեկտեմբեր 6-ին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ  լիազօր դեսպան Իոաննիս Տայիսը:
Ըստ «Արմէնփրէս»-ի տեղեկատուութեան՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ  նորանշանակ դեսպանին՝  արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթելով նոր պաշտօնին վրայ: Անդրադառնալով հայ-յունական յարաբերութիւններուն՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը  ուրախութիւն յայտնեց, որ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը բազմաճիւղ կը զարգանայ ու կþարդիւնաւորուի՝ համահունչ երկու ժողովուրդներու պատմական բազմադարեայ յարաբերութիւններու ոգիին: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նաեւ իր գնահատանքը յայտնած է դեսպանին՝  Յունաստանի իշխանութիւններու եւ  դեսպանատան կողմէ Հայոց եկեղեցւոյ ցուցաբերուող աջակցութեան, ուշադրութեան եւ առանձնակի յարգանքի համար:
Դեսպանը իր հերթին վստահեցուցած է, որ ջանք կը թափէ զօրացնելու երկու երկիրներու միջեւ ջերմ փոխ յարաբերութիւնները, որոնք խարսխուած են պատմական արմատներու վրայ:
Տայիս անդրադարձած է նաեւ երկու ժողովուրդներու պատմական առնչութիւններուն, ընդգծելով նաեւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ  կարեւոր դերակատարութիւնը ժողովուրդներու կեանքին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հայ առաքելական եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու յարաբերութիւններու շուրջ հարցեր, կարեւորուեցաւ հայ  եկեղեցւոյ սպասաւորներու  ուսումնառութիւնը Յունաստանի բարձրագոյն աստուածաբանական հաստատութիւններուն մէջ։