«Ասիկա աւարտը պիտի ըլլայ, պարոննե՛ր», երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին 2013 թուականի պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ խըմբակցութիւններու ելոյթներուն ժամանակ յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան, ներկայացնելով ՀՅԴ խմբակցութեան կարծիքը:


Պատգամաւորը յայտնեց, որ ՀՅԴ կը պահպանեն պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ նախորդ անգամներուն կատարած իր  գնահատականները եւ կը պնդէ, որ թէ՛ վարուող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը, եւ թէ՛ պետական պիւտճէն չեն համապատասխաներ երկրին առջեւ դրուած ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներուն:
Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ վարուող քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք կարելի չէ ձեւաւորել մրցունակ տնտեսութիւն, կարելի չէ յաղթահարել աշխատանքի շուկային մէջ ճգնաժամային վիճակը, կարելի չէ վստահութիւն ներշնչել արդարադատութեան համակարգին եւ պետական կառոյցներուն միջոցով Հայաստանի քաղաքացիներուն համար: «Դժբախտաբար, ինչպէս կը տեսնենք, ոչ միայն կառավարութիւնը, նաեւ քաղաքական մեծամասնութիւնը կ՛անտեսէ եւ կ՛առաջնորդուի սեփական ակնոցներով դիտելու քաղաքականութեամբ ու չի նկատեր, որ երկիրը օրէ օր կը դատարկուի, եւ ամէնէն վատ բանը, որ կրնայ սպառնալ մեր երկրին, ատիկա  կրնայ պետականութեան կորուստը ըլլալ: Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ ասիկա աւարտը պիտի ըլլայ, պարոննե՛ր», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ Մինասեանի, պիւտճէն մենաշնորհուած է կառավարութեան կողմէ, եւ խորհրդարանի մասնակցութիւնը թէ՛ անոր քննարկումներուն, եւ թէ՛ ընդունումը, կ՛օրինականացնէ այդ «կամայական վարքագիծը»:
«Պիւտճէն նպատակ չէ, այլ միջոց՝մարտահրաւէրները դիմակայելու համար: Ընկերային-տնտեսական զարգացման ռազմավարութեան մէջ, եթէ մենք չենք առաջնորդուիր զանգուածային աշխատատեղերու ստեղծումով, ուրեմն քաղաքացիներէն մի՛ պահանջէք մեր պետականութիւնը եւ իշխանութիւնները գովաբանելու մօտեցում» ըսած է  Մինասեան: