Ամսթերտամի «Հէյնիքեն» համերգասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ «Մանկական եւրատեսիլ 2012» երգի մըրցումը: Հայաստանը 8-րդ համարին ներքեւ ներկայացուցած «Քոմփաս Պենտ»-ը իր «Սուիթի Պէյպի» երգով գրաւեց 3-րդ տեղը՝ հաւաքելով 98 միաւոր: Առաջին տեղը գրաւեց Ուքրանիան ներկայացնող Անասթասիա Փեթրիք «Երկինք» երգով (138 միաւոր), իսկ երկրորդ տեղը

գրաւեց Վրաստանի «Ֆանքիտզ» խումբը «Ֆանքի Լեմոնատ» երգով (103 միաւոր): Հայաստան 12 միաւոր ստացաւ Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն, միաւոր չստացաւ միայն Ատրպէյճանէն:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի մրցումը տեղի ունեցած էր Հայաստանի մէջ, ուր յաղթական հռչակուեցաւ վրացական «Քենտի» խումբը «Քենտի միուզիք» երգով: