Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ արդեօք կարելի՞ է, որ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն մասնակցող ուժերը ի վերջոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցին միասնական թեկնածուով, ՀՅԴ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն

Ռուստամեան յայտնեց, որ բանակցութիւններու յաջորդ հանգրուանին կարելի է անցնիլ այն բանէն ետք, երբ պիտի յայտարարուի, թէ արդեօք քաղաքական խորհրդակցութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերը կ՛ընդունի՞ն Դաշնակցութեան ներկայացուցած օրակարգը:
Դաշնակցութիւնը այս ամսուան սկիզբը յայտարարեց, որ կը սկսի քաղաքական քննարկումներ կատարել կուսակցութիւններու, հասարակական լայն շերտերու եւ մասնագիտական խումբերու հետ: Քննարկումներու ընթացքին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց 7 կէտերէ բաղկացած օրակարգը, որուն մէջ ներառած էին 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգին, կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցում կատարելու, տարբեր յանձնախումբերուն մէջ ընդդիմութեան վերահսկողական լծակներ տրամադրելու եւ այլ խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:
Ռուստամեան յայտնեց, որ բոլոր հարցերը չեն ընդունուած: Օրինակ, կառավարման նախագահական համակարգէն խորհրդարանականին անցնելու Դաշնակցութեան սկզբունքային առաջարկին դէմ է ոչ միայն իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը, այլ նաեւ բանակցութիւններուն մասնակցող Հայ ազգային քոնկրեսը: Իսկ եթէ օրակարգային այս կարեւոր հարցը ընդունելի չէ քոնկրեսին համար, ապա ըստ Արմէն Ոուստամեանի, էական չէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ այն անձը, որուն թեկնածութեան շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարուին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եթէ քոնկրեսը չհամաձայնի խորհրդարանական համակարգին անցում կատարելուն, կը բացառուի՞, որ Դաշնակցութիւնը քոնկրեսի առաջարկած թեկնածուին սատարէ, դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ «իշխանութիւնները եւս չեն համաձայնիր, տարբերութիւնը ի՞նչ է: Ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՛վ չի համաձայնիր՝ իշխանութիւննե՞րը, թէ՞ ընդդիմութեան մէջ եղած այս կամ այն քաղաքական ուժերը: Անոնք, որոնք չեն համաձայնիր, կասկած կը յառաջացնեն, որ կ՛ուզեն օգտագործել նոյն լծակները՝ պարզապէս անունները փոխելով: Մարդոց փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ եւ հայ ժողովուրդը այդ ամէն ինչի մէջ ո՞ւր է, անհասկանալի է»: