Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան առաջնորդներու տարածաշրջանային 2րդ գագաթնաժողովը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 30ին, Երեւանի մէջ։


Երեւանեան գագաթնաժողովին մասնակցութիւն բերին Հայաստանի նախագահ, ՀՀԿի ղեկավար Սերժ Սարգսեան, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի, Մոլտովայի վարչապետ Վլատիմիր Ֆիլատը, ԵԺԿի նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենսը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոն:
Անցնող շաբաթավերջին Պարոզօ առիթը գտաւ Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալու եւ յարգանքի իր տուրքը մատուցանելու 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: