Հայ Բռնցքամարտիկը Յաղթեց Թուրքիոյ Ներկայացուցիչին
Երեւանի մէջ շարունակուող բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան նախնական մարտերուն՝ հայ բռնցքամարտիկ Նարեկ Մելքոնեան առաւելութեան հասած է թուրք մարզիկի նկատմամբ:
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ +91 քաշային կարգի մէջ Նարեկ Մելքոնեան ուժերը չափած է թուրք Եասիմ Եիլտըրըմի հետ եւ յաղթած երեք պտոյտներու ընդհանուր՝ 15-13 հաշիւով:
52 քկ քաշային կարգի մէջ յաջորդ փուլի ուղեգիր նուաճած է նաեւ Հենրիխ Մելքոնեանը, որ 22-11 հաշիւով յաղթած է Հոնտուրասը ներկայացնող Ատել Մահմուտ Ալմաթպուլին:
Աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան յաջորդ փուլերու ուղեգրեր նուաճած են նաեւ Տարօն Սողոմոնեանը (56 քկ), Գոռ Երիցեանը (64 քկ), Արտաւազդ Եարոյեանը ( 75 քկ):
Բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդական այս առաջնութեան կը մասնակցին 68 երկրի ներկայացուցիչներ: Երեւանեան առաջնութեան տասը օրերու ընթացքին միմեանց հետ ուժերը պիտի չափեն աշխարհի շուրջ 405 մարզիկներ: