Հայկական հնագոյն ժայռապատկերներու հետազօտութեան հայ-գերմանական միացեալ ծրագիրին իբրեւ արդիւնք պիտի ստեղծուի հայկական ժայռապատկերներու համացանցային ամբողջական շտեմարան:
«Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, որ դիտել տուած է, թէ հայկական ժայռապատկերները խորքին մէջ լուրջ ուսումնասիրութեան կարիք ունին: «Մենք պէտք է գերմանացի մասնագէտների օգնութեամբ հաւաքագրենք այն, ինչ ունենք: Նրանք են մեզ յորդորել որպէսզի շտեմարան ստեղծենք, քանի որ հայկական ժայռապատկերները եզակի արժէք են ներկայացնում եւ պէտք է ներառուեն ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկում», նշած է Պօղոսեան:
Անոր համաձայն, գերմանացիները արդէն ներկայացուցած են գրաւոր հսկայական նիւթ, ուր ամէն ինչ վաւերագրուած է. յատուկ սարքաւորումներու միջոցով համատեղուած է ժայռապատկերներուն մասին հսկայական տեղեկութիւն: «Աշխատանքները կը շարունակուեն դեռ եւս մէկ տարի, որից յետոյ մենք կ՛ամփոփենք եւ կը հասկանանք, թէ ինչ ենք անելու: Խնդիրը ոչ միայն համաշխարհային ժառանգութեան ցանկում ներառուելն է, այլեւ այդ ժառանգութիւնը հանրահռչակելը, շրջանառելը, անկախ նրանից՝ թէ կը ներառուեն ժայռապատկերները այդ ցանկում, կամ ոչ», յայտնած է նախարարը: Անոր համաձայն, նաեւ պիտի մշակուին անոնց պահպանութեան համապատասխան միջոցները: Հայկական ժայռապատկերներու համացանցային տուեալներու շտեմարանի ստեղծումը նաեւ պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:
2012ի Օգոստոսին փոքր քառաթիռ սարքի միջոցով կատարուած են օդային նկարահանումներ: Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան անգնահատելի արժէքները՝ հնագոյն ժայռապատկերները, յառաջիկային պիտի ներառուին ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Նշենք, որ 2011ին սկսած է Ջերմուկի եւ Սիսիանի մէջ հայկական ժայռապատկերներու հետազօտութեան հայ-գերմանական միացեալ ծրագիրը, զոր կը ղեկավարէ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի փրոֆեսէօր Եարալտ Մելլըրը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը: